ՇԻՇԼԻԷՆ ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

Շիշլի մարզակումբի զանազան խումբերը կը շարունակեն յաղթանակներ արձանագրել իրենց մասնակցած մրցաշարքերուն մէջ։ Ակումբի ֆութսալի կազմը վերջերս արձանագրեց ուշագրաւ վերելք մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի տասներկու խումբերու շարքին մաս կազմել յաջողեցան շիշլիցիները՝ արժանանալով բոլորի արդար գնահատանքին։ Յաջորդ ամիս շիշլիցիները պայքար պիտի մղեն աւարտականներու համար։

Պասքեթպոլի մէջ ալ Շիշլիի յաջողութիւնները կը շարունակուին։ Ակումբի կազմը ներկայիս Թուրքիոյ պասքեթպոլի առաջին լիկի աղիւսակը կը գլխաւորէ։ Առաջին կազմի այս յաջողութիւններուն առընթեր, Շիշլիի ընտանիքը պասքեթպոլի ուղղութեամբ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Վերջերս Շիշլիի վարչութեան նախաձեռնութեամբ պասքեթպոլի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ՝ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։

Ակումբի վարչութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ՝ մարզիկներու ֆիզիքական ու հոգեբանական զարգացման հետամուտ զանազան հաւաքոյթներ։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս սննդականոնի մասնագէտ Պերֆին Տեմիրճեան հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը, որու աւարտին յուշանուէր մը ստացաւ՝ ձեռամբ վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020