ԴԱՂԴՂԱՆ-ՀՄԱՅԻԼ ՉԱՐԽԱՓԱՆԸ

-Մա՛մ, տես քեզի ի՛նչ բերի, հայկական զարդանախշերով պատրաստուած չարխափան է եղեր ասիկա:

Ուրախութեամբ յայտնած էր տղաս ճամպրուկները պարպած պահուն այս իրը ինծի յանձնելով: Ուրախ էր մանաւանդ որ իրը ձեռք ձգած էր Պէյրութի հայկական վաճառախանութներէն մէկէ մը եւ իր վերջին այցէն վերադարձին հոնկէ յուշ մը բերած:

Հիմա, երբ մեր մեկուսարանը ախտահանելով զբաղած ենք, ձեռքս անցաւ չարխափանը: Ինչո՞ւ արդեօք օրին անկիւն մը չեմ զարդարած, կամ պատէն չեմ կախած...:

Նման կաւէ իրեր՝ դաղդղաններ հոս կը ցուցադրուին, կը ծախուին: Նմանը այո՛, բայց նոյնը տեսած չեմ երբեք: Զանգի պէս ուրուագիծ մը ունի, հին ատեն կենդանիներուն վիզէն կախուած զանգերը կը յիշեցնէ. հայկական տերեւանման նախշերով զարդարուած է, մէջտեղի հատուածը յաւերժութեան նշան՝ արեւին դէմքը փորագրուած է եւ յատակին երկու կաւէ ուլունքներ կախուած են նոյն զարդանախշերով յագեցած:

Մարդը գոյութեան սկիզբէն ի վեր պաշտպանութեան կարիք ունեցած է եւ իր ոճով ստեղծած է իրեր իրեն համար կարեւոր բաները պաշտպանելու, ահա թէ ինչու ստեղծուած են չարխափանները, թալիսմաները եւ հետզհետէ հաւատքի արտայայտութեան վերածուած: Դաղդղանները կը պատկանին այս խումբին:

Ըստ Մալխասեանցի դաղդղանը կը բացատրուի որպէս սաստիկ կսկիծ, վիշտ: Դաղդղանի բերել, սաստիկ կսկծեցնել, խորովել, այրել: Դաղդղանի գալ, խորովվել, վշտից մաշվել, այրվել («Հայերէն բացատրական բառարան», Ստեփան Մալխասեանց, 1944), իսկ դաղելը տաղել-ով կը բացատրէ Աճառեանը («Հայերէն ստուգաբանական բառարան», 2004), մինչ «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն» գիրքին մէջ՝ Դաղդղանը- փայտի կտոր, վրան նախշեր, կախում էին անասունների ճակատից, վզից չար աչքի դէմ,- կը բացատրուի:

Դաղդղանը հմայիլի տեսակ է եւ հին, պատմական արմատներ ունի. պրոնզեայ, քարակերտ տարբերակներով յայտնաբերուած է պեղումներու ընթացքին եւ բազմաթիւ պատմական նմուշներով յագեցած են թանգարանները: Մինչ 18-րդ դարուն սկիզբ առաւ դաղդղանի փայտեայ կիրարկումը՝ կ՚ըսուի, թէ դաղդղան անունը ծագած է դաղդաղ ծառին անունէն, որ կը համարուէր սուրբ ծառ եւ չարահալած ուժ ունէր:  Դաղդղանը կը պատրաստուէր նաեւ բռինչի ծառին փայտէն ու արմատէն: Բռինչն ալ դաղդղան կը կոչէին եւ ծառին կը վերագրուէր չարխափանի յատկութիւն:

Ըստ հին պատկերացումներու՝ ծառերուն մեջ ոգիներ կ՚ապրէին: Սուրբ կը համարուէին այն ծառերը, որոնք աչքի կ՚իյնային երկարակեցութեամբ, փայտի ամրութեամբ, բերքի առատութեամբ, անբարենպաստ պայմաններու մէջ աճելու յատկութեամբ: Այդպիսի ծառեր կային սրբավայրերուն մօտ, ուր մարդիկ ուխտի կ՚երթային, մոմեր կը վառէին, զոհաբերութիւն, գուշակութիւններ կ՚ընէին, ծառերուն ճիւղերուն թաշկինակ, հագուստներէն կտրուած կտորներ, թելեր կը կապէին իրենց լուռ ցանկութիւնները իրականանալու հեռանկարով:

Չբեր կիները սուրբ համարուող երկճիւղ ծառերուն մէջէն երեք անգամ կ՚անցնէին, որպէսզի որդի ունենան:

Հաւատացողներէն մէկը չէր համարձակեր վնասել սուրբ ծառերը, որոնցմէ ճիւղ մը, նոյնիսկ տերեւ մը փրցնելը մեղք կը համարուէր եւ մեղաւորները խստօրէն կը պատժուէին: Հմայիլի դեր կը կատարէր ծառին նոյնիսկ մէկ կտորը: Բռինչի ծառին փայտիկները, օրինակ, կը դնէին տան անկիւնները, հարսնցուին գրպանը, մանուկներուն հագուստին վրայ:

Սուրբ համարուող այդ ծառերը, չորնալէն ետք նոյնիսկ, կը պահպանէին իրենց զօրութիւնը: Մարդիկ այդ ծառերուն ճիւղերը չէին կտրեր, այլ անոնց փտած բուներուն փոշին ջուրին կ՚աւելցնէին եւ բուժման նպատակով հիւանդներուն կը խմեցնէին:

Դաղդղանները կաթնատու կենդանիները, տունը, գոմը, մանուկները պաշտպանելու համար էին: Դաղդղաններուն չափերը տարբեր էին: Մեծերը կը կախուէին տան պատէն, գոմին սիւնէն, կ՚ամրացուէին դրան սեմին...: Միջին չափ ունեցող դաղդղանները կը կախուէին կենդանիներուն վիզէն, եղջիւրներէն: Փոքրիկները կը կախուէին մանուկներուն վիզէն եւ օրօրոցներուն վրայ, երբեմն նաեւ կիները որպէս կախազարդ կ՚օգտագործէին:

Դաղդղանները երբեք իրար նման չեն եղած: Անպայման չնչին տարբերութիւն մը գոյութիւն ունեցած է ստեղծուած պահուն, իսկ անոր ստեղծումը ինքնին արարողութիւն էր, ծէս էր: Դաղդղանը ստեղծող վարպետները հիմնականօրէն զանոնք կը փորագրէին Մեծ պահքի օրերուն եւ փորագրելու ընթացքին անոր վրայ չէին փչեր: Փորագրողը պէտք է ամբողջութեամբ՝ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս տրամադրուած ըլլար աշխատանքի պահուն եւ ոչ մէկ բացասական յուշ, մտածում կամ խօսք պէտք էր տեղի ունենար: Վարպետները կը մեկուսանային եւ ոչ ոք իրաւունք ունէր զանոնք խանգարելու եւ անոնց ուշադրութիւնը շեղելու:

Խոկման, խորասուզման կամ հոգեւոր արարողակարգի նման բան մըն էր, քանի որ կը հաւատային, թէ եթէ վարպետը դաղդղանը փորագրած պահուն վերոնշեալ տրամադրութեամբ յագեցած ըլլայ, ապա զայն կրողը կամ պատուիրողն ու գնողը ատիկա կը զգայ եւ անբացատրելի ձեւով մը կը հասկնայ, որ իր կրած դաղդղանը իրեն համար «ծնած է«, ոչ թէ վարպետը պարզապէս նստած ու փայտը փորագրած է:

Ահա թէ ինչու տարբեր են դաղդղանները, փայտին չափը եւ խորասուզման ու խոկման վիճակի թելադրանքով ծնած տարբերութիւններն են ասոնք: Հիմա հազուագիւտ, բայց կը հանդիպինք նորակերտ դաղդղաններու՝ կաւէ, փայտէ տնային օգտագործման համար, զանազան մետաղներով պատրաստուած կախազարդեր ալ կարելի է գտնել, որոնք հայ մշակոյթը բնորոշող առարկաներ են, բայց անշուշտ նորակերտերը զերծ են հիներուն ստեղծման արարողակարգէն:

Դաղդղանս կախեմ պատէն, թող չարը չքանայ մեր երդիքէն, կ՚երեւի չարը խափանելու պահը հիմա է...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020