ԱՂՕԹՔՈՎ ԶՕՐԱՆԱԼ

Համավարակի պատճառով մարդկութիւնը կ՚ապրի նեղութեան մէջ օրեր՝ որոնք կերպով մը կարելի է նմանցնել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խորվիրապեան օրերուն՝ անլոյս, խաւար, բայց յոյս եւ հաւատքով լեցուն տանջանքի օրերուն…։

Արդարեւ, ոչ մէկ խաւար բոլորովին խաւարապատ է, հոն անպայման կա՛յ լոյսի շող մը՝ նշոյլ մը, որ կը սնանի եւ կ՚աճի յոյսով եւ հաւատքո՛վ։ Եւ այն որ կ՚անդրադառնայ այդ լոյսի շողին, ի վերջոյ կը փրկուի խաւարէն եւ կը հասնի լոյսին, որ միշտ կայ եւ կը մնայ յոյսի լուսարձակին մէջ…։

Եւ ահաւասիկ, յոյսի եւ հաւատքի մէջ աճող աղօթական մաղթանքները Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մխիթարիչ հրաշքէն ներշնչուած.

«Հնազանդ ու խոնարհ սրտով այս իրիկուն քեզի կու գանք, մարդասէ՜ր Տէր, մեր Հայրն ու Խնամատարը, մեր Օրէնսդիրն ու Առաջնորդը, Դաստիարակն ու Ուսուցիչը։ Դատարկուած հոգիով կը դիմենք քեզի, մենք՝ աշխարհէն լեցուած եւ քեզմէ պարպուած անօթներս, աշխարհով կշտացած եւ քեզմէ քաղցած զաւակներս, աշխարհի գիտութեամբ ճոխացած բայց քու գիտութեանդ սովը ունեցող հաւատաւորներս։ Մեր թերութեանց գիտակցութեամբը կու գանք քեզի, սորվեցո՛ւր մեզի, Տէ՜ր։

«Սորվեցո՛ւր մեզի, Տէ՜ր։

«Մեր քայլերը մոլորած են, աշխարհի ճամբաներուն վրայ քալելէն՝ մեր ծունկերը կթոտած, մեր բազուկները թուլցած, մեր աչքերը տկարացած, մեր կամքերը ջլատուած։ Դո՛ւն ես մեր հաստատիչը եւ ապաւէնը, մեր ոյժն ու զօրութիւնը, մեր լոյսն ու յոյսը, մեր հոգիները թարմացնող ու վերանորոգող աղբիւրը։ Նորոգէ՛ մեզ քու Հոգիովդ, լուսաւորէ՛ քու Խօսքովդ, ուսուցանէ՛ քու պատուիրաններովդ։ Սորվեցո՛ւր մեզի, Տէ՜ր։

«Սորվեցո՛ւր մեզի, Տէ՜ր։

«Սորվեցո՛ւր մեզի քու միածին Որդիիդ եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի արժանաշնորհ եւ բազմաչարչար վկային՝ մեր լուսաւորիչ Հայրապետին՝ Սուրբ Գրիգորի կեանքին օրինակովը, չարչարանքներովն ու վարդապետութեամբը։ Զայն մեր երկրին պարգեւեցիր իբրեւ աստուածութեանդ միջնորդ ներկայացուցիչը եւ իբրեւ մեր խաւար գործերուն ու մեղքերուն քաւութեան կենդանի զոհը, որպէսզի իր չարչարանքները հակադեղ ըլլան մեր ցաւերուն, իր տանջանքները՝ դարման մեր հոգեկան տուայտանքներուն, իր սքանչելի համբերատարութիւնը՝ խրատ ու կրթութիւն ըլլայ մեր անդաստիարակ հոգիներուն, վիրապին մէջ անլոյս իր բանտարկութիւնը լուսաւորութիւն ըլլայ մեր հոգիի աչքերուն, մեր աշխարհին ու մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ցուցաբերած իր ամենանուէր սէրը՝ հայրական գիրկ՝ Աստուծմէ սրբացեալներուս, իր աներկմիտ հաւատքը՝ վահան եւ պարիսպ՝ ընդդէմ չարին յարձակումներուն, եւ իր անսարսելի յոյսը՝ լո՛յս մեր կեանքի հորիզոնին վրայ բացուող։

«Սորվեցո՛ւր մեզի, Տէ՜ր։

«Մեր միտքերուն մէջ արթնցո՛ւր եւ վերստին պատկերագրէ Լուսաւորիչ Հայրապետին եւ հոգեւոր մեր ծնողին՝ Սուրբ Գրիգորի քրիստոսատիպ տանջանքները, եւ անոր սուրբ ու հրացեալ աղօթքներուն եւ ծովացեալ արցունքներուն յոգնաթախանձ բարեխօսութեամբը՝ մեղքերուն լուացում շնորհէ մեզի, սխալներու ուղղում, վէրքերու բժշկութիւն, ցաւերու ամոքում, նեղութիւններու փարատում, վիշտերու սփոփանք, փորձութիւններու խափանում, տկարութեանց դարմանում եւ մոլութեանց դադարում։ Եւ ընդհակառակը, ըստ քու բարեձիր կամքիդ ցանկութեան՝ ջերմեռանդ հաւատք առատաձեռնէ, հոգւոյ արթնութիւն, աստուածասիրութիւն, աղօթքի հոգի, փրկութեան պապակ, հեզամտութիւն, ներելու շնորհք, բարեսիրութիւն, անպակաս ձգտում առաքինութեան։ Եւ թող մեծ սուրբիդ օրինակութեամբը՝ մեր կեանքերն ընենք սրբազան քնար, յաւէտ օրհնելու երկնաւոր Հայրդ՝ մեր Փրկիչ եւ Տէր միածին Որդիիդ եւ մխիթարիչ ու վերստեղծող Սուրբ Հոգիիդ հետ։

«Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։

«Մեր մէջ նկարէ՛ ճշմարիտ վկայիդ՝ Հայաստան աշխարհի առաքելաշաւիղ մեծ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորի տիպարը, որպէսզի անոր օրինակով եւ անոր աղօթքներովը եւ բարեխօսութեամբը, կարենանք տոկալ այս կեանքի բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, դիմանալ մեզ պաշարող նեղութիւններուն, տիրապետել մեզ ընկճող վիշտերուն, յաղթել մեզ նկուն դարձնող տկարութիւններուն, պարտութեան մատնել չարը, վանել անոր հրապոյրները, մերժել անոր խաբէութիւնները, ընդոտել անոր մեքենայութիւնները, եւ Քու սուրբ շունչովդ հոգեգրուած Մատեանին լոյսովն ու կենդանացուցիչ զօրութեամբը վերարծարծենք մեր հաւատքը, կանգնենք հաւատքի մեր ինկած շինուածքը, բարձրացնենք անոր ամուր աշտարակները, եւ քու պարգեւած հոգեւոր սպառազինութեամբ զինուորուինք այս կեանքի մէջ, նորագապէս որդեգրը-ւելով սուրբ եւ պատուական Եկեղեցիիդ։

«Ընդունէ՛ եւ սրբէ՛ մեզ, Հոգիդ Սուրբ Աստուած»։

Ուերմն ոչ մէկ «չար» կամ չարութիւն աւելի զօրաւոր է քան «Բարի»ն՝ Աստուած յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի աղբիւրը, որուն պէտք է վստահի մարդկութիւը եւ յարատեւ աղօթէ։

Բարին Աստուած երբեք անպատասխան չի թողուր անոնք՝ որ իրեն կը դիմեն աղօթքով…։

- Օգտուեցանք. Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի «Ուխտաւորին աղօթագիրքը», Անթիլիաս, 1998, հատորէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 8, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020