ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արմաւիրի թեմի քահանաները՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանի։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը հայցելով ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան զեկոյց մը ներկայացուց Հայաստանէ ներս որդեգրուած Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի եւ առարկայական չափորոշիչներու, անոնց մէջ առկայ խնդիրներու, մարտահրաւէրներու եւ արտայայտուած մտահոգութիւններու մասին։ Ան անընդունելի նկատեց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի՝ որպէս առանձին բաղադրիչ հանրակրթական դպրոցներու ծրագրէն դուրս թողուիլը։ Ըստ իրեն, կրթական բարեփոխումները պէտք է միտուած ըլլան ազգային ինքնութեամբ, հոգեւոր-ազգային արժեհամակարգով, բարոյական նկարագրով եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներու համահունչ քաղաքացիի կերտմամբ՝ ի շահ հայոց պետութեան զօրացման եւ շարունակականութեան։

Այս զեկոյցին վերաբերեալ տեղի ունեցան քննարկումներ։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը յոյժ կարեւոր նկատեց հոգեւորականութեան դերակատարութիւնը քրիստոնէական եւ արժեհամակարգի կերտման եւ պահպանման ուղղութեամբ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան հաւաքոյթի ընթացքին բանախօսեց՝ «Եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան դերը հովուական առաքելութեան մէջ» նիւթին շուրջ։ Այս բանախօսութենէն վերջ եւս տեղի ունեցան քննարկումներ։

Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Արմաւիրի թեմի քահանայից դասուն փոխանցեց իր գնահատանքն ու հայրական օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց անոնց կողմէ յանձնառութեամբ կատարուած նուիրեալ ծառայութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որ եկեղեցականները քաջ, համարձակ ու համբերատար ըլլան իրենց առաքելութեան մէջ եւ նախանձախնդրութեամբ պաշտպանեն հոգեւոր եւ ազգային արժէքները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը նախատեսուին նմանօրինակ հանդիպումներ ներքին թեմերու հոգեւորականաց դասուն հետ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020