ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներէն բաղկացեալ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքին շնորհանդէսը երէկ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկէն ակամայ բացակայեցաւ հեղինակը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակուած այս յօդուածներու ժողովածոն կազմած ու խմբագրած էր մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Այս հրատարակութիւնը վերջին շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս արժանացած է անմիջական ուշադրութեան՝ գնահատուելով իր որակով, նաեւ գեղարուեստական ճաշակով։
Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ հակիրճ յայտագիր մը գործադրուեցաւ այս գիրքի ծանօթացման համար։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ մեր քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչի եւ ատենադպիր Արամ Գամպուրեանի։ Մեր համայնքէն գրասէրներու եւ հեղինակ տէր հօր բարեկամական շրջանակներէն դէմքերու առընթեր՝ ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Թէեւ սահմանափակ թիւով մասնակիցներու համար նախատեսուած էր գիրքի ներկայացումը, սակայն, այդ հանգամանքը պատճառ չեղաւ ստուեր ածելու հաւաքոյթի նշանակութեան վրայ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանի, որ բացումին ողջունեց բոլորը ու երախտագիտութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեան համար։ Ապա արտայայտուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ գիրքի պատրաստութեան փուլերուն շուրջ ու մաղթեց, որ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի օրինակին հետեւելով՝ մեր հոգեւորականութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներն ալ արտադրեն մայրենիով եւ սերունդներուն համար ըսեն իրենց խօսքը։ Արա Գօչունեան դիտել տուաւ, որ մեր արժէքներու պահպանութեան տեսակէտէ կը շարունակէ էական կարեւորութիւն ներկայացնել եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութիւնը։ Ուստի, առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ճանապարհին, Պատրիարքական Աթոռը կը համարուի բոլորի հիմնական ապաւէնը։ Հետեւաբար, ան մաղթեց, որ Աթոռը ամրապնդուի իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ու բարձրանայ անոր ձգողականութիւնը՝ որպէս բոլորին տունը։
Այս ելոյթներէն վերջ բոլոր ներկաներուն համար մեծ հաճոյք մը եղաւ ունկնդրել Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքը։ Ան հերթական անգամ ինքզինք արդարացուց՝ որպէս մեր ասմունքի թագուհին։ Մեծարենցի եւ Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները ան մեկնաբանեց իւրայատուկ ոճով՝ իսկապէս պայմանաւորելով դահլիճին մթնոլորտը։
Երբ հուսկ բանքի համար բարձրախօսը յանձնուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, նախ ան հարցուց, թէ կայի՞ն արտայայտուիլ փափաքողներ։ Նորին Ամենապատուութեան առաջարկին ընդառաջ, այս փուլին անմիջական ելոյթներ ունեցան Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ կրթական մշակ Գարեգին Պարսամեան, որոնք եկեղեցական կեանքի սպասաւորութեան ժամանակ քաղցր յուշեր ունեցած են Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հետ։ Այդ վկայութիւնները բոլոր ներկաներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձան։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանեց իր խօսքը ու շեշտեց, որ մեր ազգին տեսակէտէ որքան էական կը համարուին հայերէն հրատարակութիւնները։ Իր խօսքով՝ անոնք խորհրդանշաններ են դրօշը բարձր պահելու տեսակէտէ, որպէսզի հայերէնի միջոցաւ ազգի ոգին կենդանի պահուի։ «Մենք պատմութեան մէջ առաքելութիւն մը յառաջ կը տանինք։ Պիտի չարտօնենք, որ մեր բերանները մայրենիի գերեզմանները դառնան։ Եթէ մեր արժէքները կորսուին, անոնք դրամով չենք կրնար ետ բերել», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան ոսկերչութիւն իրականացուցած է մեր մայրենիով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի մասին՝ ընդգծելով, որ միշտ պէտք է արժեւորուի եկեղեցականի մը գրական ոճ ու ճաշակ ունենալու հանգամանքը։ «Չգրողը կը կարծէ, թէ գրելը շատ դիւրին գործ մըն է», ըսաւ ան։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը աւելցուց, որ յայտնի է, թէ հեղինակ տէր հայրը լաւ սերմի մը արդիւնքն է, բայց հովն ալ անհրաժեշտ է, որպէսզի այդ սերմը արգասաւորուի։ «Յայտնի է, որ տէր հայրը Պոլսոյ՝ իր հասակ առած շրջանի հովը լաւ օգտագործած է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ յիշեցնելով նաեւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի ինքնամփոփ կեանքը, ինչ որ գեղարուեստական արտադրանքի բնորոշ երեւոյթ է։ «Արուեստի բոլոր ճիւղերը, վերջին հաշուով, կը ծառայեն ապրելու արուեստին։ Ուստի, այս գիրքն ալ թուղթին յանձնուած գանձ մըն է, որ կեանքի արուեստին կը ծառայէ», դիտել տուաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ելոյթի վերջին փուլին գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի մասին։ Արդարեւ, այս վերջինը միշտ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ, որպէսզի հայ գրականութեան նմոյշներ դառնան հանրութեան մատչելի։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները մէկ կողմէ համտեսեցին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ հատուած կարկանդակը, իսկ միւս կողմէ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ դրուատեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի թանկ արտադրանքը, նաեւ բարձր երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան Թաթարեան ընտանիքի մասին, որ այս գիրքի մեկենասութիւնը ստանձնած էր ի յիշատակ գերդաստանի հոգելոյս երէցներուն։ Բոլորը յատկանշական համարեցին, որ այդ ողբացեալներու շարքին էր վախճանեալ Տ. Ատովմ Աւ. Քհնյ. Թաթարեանը եւ նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած էր, որ անոր յաջորդներու մեկենասութեան շնորհիւ ուրիշ քահանայի մը գիրքի հրատարակութեան ծրագիրը կեանքի կոչուած էր։
Շնորհանդէսի մասնակիցները հրաժեշտ առին՝ ստանալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։
*
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՅՕԴՈՒԱԾ ԱՐԴԻՒՆՔՆ Է ԵՐԿՈՒՆՔԻ ՄԸ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի սրտի խօսքը՝ արտասանուած Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքի երէկուան շնորհանդէսին ժամանակ։
*
Այսօր Պատրիարքարանի այս դահլիճին մէջ հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հաւաքուած ենք ծննդեան ուրախութիւնը վայելելու հատորի մը, որ արդիւնքն է քրտնաջան աշխատանքի։ Աշխատանք մը որ տարուած է հայ քահանայի մը կողմէ, որպէս արդիւնք՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Հայրը, եղած է այն արժանաւոր հոգեւորականներէն, որոնք հոգեւոր պաշտօնեաներ ըլլալու առընթեր գիտցած են նաեւ դառնալ պաշտօնեաները՝ Հայ գիրին ու գրականութեան։
Հոգեւոր գրականութեան արտադրութիւնները իրենց արժանաւոր տեղը գտած են պարբերաթերթերու մէջ. պարբերաթերթեր՝ որոնք հայ մամլոյ պատմութեան մէջ ծանօթ են իրենց կրօնական, կրօնաբարոյական պարունակութեամբ։ Անոնց կարգին կրնանք նշել Արմաշու Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի վանքի պաշտօնաթերթ «Յոյս»ը, Հմայեակ Եպսկ. Դիմաքսեանցի «Լոյս»ը, Մաղաքիա Եպսկ. Օրմանեանի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած Արմաշու անդրանիկ միաբաններու «Մասիս»ը, արմաշական անդրանիկ սերունդէն Բաբգէն Վրդ. Կիւլէսէրեանի «Լոյս»ը, յետագային՝ «Տաճար»ը, «Հայ Խօսնակ»ը, Ս. Խաչ դպրեվանքի պաշտօնաթերթ՝ «Շողակաթ»ը այսօր եւս իրենց հաւաքածոներով մեծապէս օգտակար կ՚ըլլան ընթերցողներուն։
Տէր Մաշտոց Քահանայ Հայրը հետեւելով իր հօր եւ մեծ հօր ճանապարհին, լաւագոյնս արժեւորած է իր մէջ յայտնուած Աստուածատուր շնորհքը եւ հաւատարմութեամբ ներկայացած է ընթերցասէր հանրութեան, իր ստորագրած յօդուածներով եւ այս առումով զինքը կարելի է նկատել անդամը աւանդական հոգեմտաւոր գրականութեան, իր ունեցածը հանրամատչելի դարձնելու առաքելութեամբ։
Տէր Մաշտոց Քահանայ Հայրը Գալփաքճեան ընտանիքի յարկին տակ գրչի արտադրութեամբ զբաղուած երրորդ սերունդն է։ Հայրը՝ Գրիգոր եւ մեծ հայրը՝ Արտաշէս եղած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակիցներ։ Տէր հայրը՝ հետեւելով իր ընտանեկան աւանդութեան, տակաւին աւազանի անունով Լեւոն՝ սկսած է ընթանալ իր ծնողաց գիծէն եւ մենք այսօր ի ձեռին ունինք հատոր մը, որուն բաղկացուցիչ տարրերը իրենց ոտնահետքերը թողած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ։
Դիւրին չէ ամէն օր իրեն յատկացուած սիւնակ մը դատարկ չթողուլ եւ այդ սիւնակը լեցնել իւրաքանչիւրը հոգեւոր, կրօնաբարոյական ու մշակութային արժէք ցոլացնող գրչի արտադրութեամբ։ Իւրաքանչիւր յօդուած արդիւնքն է երկունքի մը։ Եւ երկարատեւ երկունքները այսօր առաւել եւս ուրախութեան փոխակերպուած է, քանի որ արդէն իսկ ծննդաբերուածները ի մի համախմբուած են հատորի մը մէջ, զոր պիտի հիւրընկալեն մատենադարաններու դարակները ի վայելումն ընթերցասէր հասարակութեան։
Տէր Մաշտոց Քահանայ Հայրը Մխիթարեան վարժարանի գծով երէց եղբայրս է։ Վստահ եմ, որ իր աշակերտութեան շրջանին Մխիթարեան հայրերու գրասէր ու մշակութասէր շունչը իր բարերար դերը ունեցած է իր սկզբնական քայլերուն, որոնք զինքը հասցուցած են քառորդ դարու փառաւոր վաստակի մը։
Տէր եղբայրս, որ արդէն արժանացած է մեր հոգեւոր պետին՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գնահատանքին եւ օրհնութեան, նուաստս որպէս երիցագոյն անդամը մեր քահանայից դասուն, սրտագինս կու գամ շնորհաւորել իր գրական վաստակը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան, որոնց համատեղ աշխատանքով հրատարակուած է այս հատորը։ Շնորհակալութիւններ նաեւ հրատարակութեան մեկենաս՝ Տէր եւ Տիկին տքթ. Խաչիկ-Իրմա Թաթարեանի, որոնք իրենց հանգուցեալ ծնողաց յիշատակը պանծացուցած են սոյն հատորով։
Տէր Մաշտոց Հօր համար ի Տեառնէ կը մաղթեմ քաջառողջ կեանք եւ երջանկութիւն, որպէսզի շարունակենք ողջունել իր վաստակը։