Երկուշաբթի 6, Մայիս 2024
ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈԼԷՃ
Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան, որ լիսէներու մտից քննութեան մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած էր, արդէն արձանագրուած է Ռոպերթ քոլէճ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, LGS-ի մէջ ան ապահոված էր հնարաւոր առաւելագոյնը՝ 500 նիշ ու դասուած՝ Թուրքիոյ առաջիններու շարքին։
Քննութեան արդիւնքներու հրապարակման զուգահեռ՝ աշակերտներ արդէն սկսան արձանագրուիլ իրենց նախընտրած վարժարանները։ Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան, բնականաբար, ունեցած է բազում այլընտրանքներ եւ անոնց շարքին նախապատուութիւն տուած է Ռոպերթ քոլէճին, ուր յառաջիկայ լիսէի տարիներուն ամբողջական կրթաթոշակով ուսանելու իրաւունք շահած է։
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանի փայլուն յաջողութիւնը։
Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022