ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Գնալը կղզիի մէջ այս ամառ կեանքի կը կոչուի «Մենք երգենք եւ պարենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու շարք մը, որու առաջինը երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզէն ներս։ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով մշակուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որու երաժշտական պատասխանատուն է Արի Հերկել։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ կը հովանաւորուի այս ծրագիրը։ Երէկուան առաջին ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ալիք Աթաօղլու։ Երիտասարդ երաժիշտներ Պարէտ Չաղլըչուպուքչու եւ Արթուն Արծիւեան դաշնակի դասական կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Երեկոյթի աւարտին արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ գնահատեց երիտասարդ երաժիշտները եւ ընդգծեց, որ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Յակոբ Մամիկոնեան կարեւոր դեր խաղացած էր անոնց կազմաւորման մէջ։

Եզրափակիչ փուլին ներկաները հայր սուրբի հրաւէրով խմբերգ մըն ալ կատարեցին Յակոբ Մամիկոնեանի երգեհոնահարութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022