ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Այս վերջինը Հայաստանի մէջ աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ այս առթիւ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած է Վեհափառ Հայրապետին։

Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը երէկ Վեհարանի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան տարածքներու դէմ ոտնձգութիւններու հետեւանքով զոհուած, գերեվարուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի Կլոր սեղան հիմնադրամը այս շրջանին կ՚իրականացնէ «Աջակցութիւն պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն» անուանեալ ծրագիր մը, որու շրջանակներէն ներս զօրակցութիւն ցոյց կը տրուի այս ընտանիքներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2023