ՆՈՐԳԻՒՂ. ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՄԷՋ
Նոր արեւմտահայերէն գիրք մը՝ հայկականութեամբ, անցեալի յիշատակներով եւ կարօտներով գրուած․ Երեւան հաստատուած հալէպահայ արձակագիր, ուսուցիչ, հրապարակագիր, կրթական եւ մշակութային գործիչ Յակոբ Միքայէլեանի նոր գիրքն է՝ «Նորգիւղ» խորագրով։
Հալէպի աղմկոտ շուկաներու եւ խճողուած փողոցներու մէջ, երկար տասնամեակներ հայկականութեամբ կ՚ապրէր ու կը շնչէր աշխոյժ թաղամաս մը՝ Նորգիւղը։ Ապաստարան դարձած որբերու ու գաղթականներու համար, ան շուտով վերածուեցաւ ինքնուրոյն աշխարհի մը, ուր հայերէնը, եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջը, փողոցներու անկիւններու եւ ցած պատշգամներու զրոյցները, փուռերէն ելլող բուրմունքը, դպրոցներէն եւ մանկապարտէզներէն լսուող հայ մանչուկներու ձայները, արհեստաւորներու առօրեան՝ բոլորը միասին կը միախառնուէին իրարու եւ կը ստեղծէին իւրայատուկ միաձուլում մը, որ իւրայատուկ էր միայն այդ տարածքին։
Նորգիւղը միայն թաղ մը չէր․ ան հայութեան կեդրոն մըն էր՝ իր դպրոցներով ու եկեղեցիներով, ակումբներով ու գրադարաններով, շուկայով ու արուեստի սրահներով, փոքրիկ սփիւռք մըն էր սփիւռքի սրտին մէջ։
Հոն մեծցած սերունդները, իրենց սուրիական քաղաքացիութեան կողքին, խոր գիտակցութիւնը ունէին հայ ըլլալու եւ անոնցմէ շատեր յետագային փայլեցան ազգային, եկեղեցական, կրթական, մարզական, արուեստի եւ գրականութեան բնագաւառներուն մէջ՝ աշխարհով մէկ տարածելով Նորգիւղին անունը։
Թաղը իր վառվռուն կեանքը շարունակեց թերեւս մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը․․․ Պատերազմը հարուածեց նաեւ Նորգիւղը, ուր հայորդիներ զոհուեցան, տուներ եւ եկեղեցիներ փլան եւ շատ հայեր ցրուեցան աշխարհով մէկ՝ յիշողութեան ու յոյսի պատառիկներ տանելով իրենց հետ։
Պատերազմը Սուրիոյ մէջ շատ բան փոխեց․ Նորգիւղի երբեմնի աշխուժութիւնն ալ փոխուեցաւ հանդարտ, տխուր առօրեայի, որուն մէջ յաճախակի դարձան լքուած տեսարանները։ Բայց եւ այնպէս, Նորգիւղը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ հայկական մնալու համար։ Հոն մնացած բնակիչները, պատերազմէն ետք վերաբացուող եւ նորոգուող դպրոցներն ու եկեղեցիները, մշակութային օճախներն ու փողոցները տակաւին կը պահեն իրենց հայկականութիւնը, երբեմնի շունչը, համայնքը համախմբուած կը մնայ այդ փոքրիկ բաբախող սրտին մէջ։
Յակոբ Միքայէլեանի գիրքը յուշերու շղթայ մըն է՝ տաք շունչով ու կենդանի կերպարներով, որոնք վկայ կը մնան այն յամառ ու լուսաւոր աշխարհին, որ Նորգիւղն էր հայութեան համար։
Գիրքը ո՛չ միայն փաստագրութիւն մըն է, այլ նաեւ սիրոյ ու յարգանքի մատեան՝ նուիրուած Նորգիւղին։
Միքայէլեան մանկական, պատանեկան յուշերու գանձարանը կը բանայ սկսելով մանուկ տարիքէն, երբ իր Վարդան հայրը կայարանի մերձակայքը իրենց ապրած տունէն ընտանիքը կը փոխադրէ Նորգիւղ: Զէյթունցի հայրը հետը նաեւ խաղողի որթատունկ մը կը տանի եւ նոր թաղին մէջ տեղ մը կը տնկէ․․․
Մանկական յուշերը սովորաբար աւելի վառ եւ գունեղ կ՚ըլլան, իսկ պատանեկան եւ երիտասարդական յուշերը՝ ամուր եւ մնայուն։ Անմոռանալի այս յուշերը կը պատմեն Նորգիւղի մարդոց, նիստուկացի, հոն տօնուող Կաղանդին, Տեառնընդառաջին, Զատկուան ու հաւկթախաղին մասին: Հեղինակը գիրքի վերջաւորութեան Նորգիւղին նուիրուած երգիծական թատերախաղ մըն ալ զետեղած է։
Նորգիւղը Փոքր Հայաստան կոչելով Յակոբ Միքայէլեան կը գրէ․
«Իսկապէ՛ս, որ Նորգիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին: Այն աստիճան մեր սեփականութիւնը կը նկատէինք այս թաղամասը, որ մանկական չարութեամբ, երբեմն մեր թաղէն անցնող այլազգի դպրոցականներուն արգելք կը հանդիսանայինք եւ իրենցմէ «ազատ անցումի տուրք» կը պահանջէինք՝ ստիպելով, որ իրենց գրպանին մէջի եղածներէն մեզի բաժին հանեն:
«Ինչպէ՞ս Հայաստան չըլլար Նորգիւղը, երբ հայկական էր ամէն ինչ շատ քիչ բացառութեամբ իր հայ բնակիչներով, հայապատկան կառոյցներով ու կեդրոններով, խանութներով եւ գործատեղիներով, փուռերով եւ սրճարաններով: Նորգիւղի մէջ էին Ազգ. Ք.Ե. ճեմարանը, Զաւարեան, Սահակեան, Մեսրոպեան, Վարդանանց եւ Նորգիւղի Կիլիկեան վարժարանները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Գէորգ, Ս. Երրորդութիւն-(Զուարթնոց) եւ Յիսուսեաններու եկեղեցիները, Կիւլպէնկեան մայրանոցը, Վասպուրական ակումբը, Զէյթունցիներու ակումբը իր «Իշխանաց սրահ»ով, Նաւասարդ մարզադաշտը, ՍՕԽ-ի դարմանատունը, Վարանդեան գրադարանը, քիչ անդին՝ Ովասիս լողաւազանը, «Պոսթան փաշայի» հայ ծերանոցը...»։
Այս կառոյցներէն շատեր տակաւին հոն են եւ կը պահեն յիշատակները Հալէպի ամենահայաշունչ շրջանին, իսկ այսպիսի գիրքերը կու գան ամրացնելու այդ յուշերն ու վերադարձնելու զգացողութիւնները։ Նորգիւղը Յակոբ Միքայէլեանի իններորդ գիրքն է, որու շնորհանդէսն ալ վերջերս կատարուեցաւ Երեւանի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնին մէջ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Յակոբ Միքայէլեանի գիրքէն Նորգիւղեան յուշերէն երկու գրութիւն։
*
ՆՈՐԳԻՒՂԻ ՏԱՆԻՔՆԵՐԸ
Անցեալ դարու կէսերուն ու կէսէն բաւական ետք ալ, Նորգիւղի մէջ բազմայարկ շէնքեր գրեթէ չկային. բոլոր տուները ընդհանրապէս երկյարկանի, բակով տուներ էին, որոնց տանիքները իրարու կպած, հարթակ մը ստեղծած էին, որոնց վրայէն կարելի էր դիւրութեամբ մէկ տանիքէն միւսը անցնիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք ցանկապատուած ըլլային:
Ամրան, երբ գիշերները հեղձուցիչ կը դառնային ու սենեակներուն մէջ քնանալը անկարելի կ՚ըլլար, մասնաւորաբար ելեկտրական հովահարներու բացակայութեան, տանիքները կը դառնային ամենացանկալի ննջարանները, ուր իրարու կողքի կը շարուէին անկողինները ու քնանալը բացօթեայ, աստղազարդ երկինքի տակ, աննկարագրելի երանութեան աղբիւր կը դառնար:
Ով որ բախտ չէ ունեցած բաց երկինքի տակ քնանալու, չի գիտեր, թէ ինչի մասին կը խօսիմ, մասնաւորաբար այս վայրկեանին, երբ տասնամեակներու խորքէն մտապատկերիս վրայ կը վերակենդանանան անոնց հետ կապուած յուշերը:
Ամրան տաքերը սկսելուն պէս տանիք կը փոխադրէինք անկողնային մեր պարագաները՝ կարպետներ, խսիրներ, ներքնակ ու վերմակ եւ անպայման մժեղ-արգելներ, որոնք թափանցիկ վրաններու նման կողք-կողքի կը շարուէին, վանելու համար տաք եղանակին, խաղողին ու թուզին հետ յայտնուող արիւնածուծ մժեղները:
Հեռատեսիլ չկար տակաւին, որ մարդիկ «սահրա» ընէին մինչեւ ուշ գիշեր, ատոր համար ալ կանուխ վեր կը բարձրանայինք, մենք՝ փոքրերս, որպէսզի քիչ մը կատղինք այդ բրդեայ փափուկ անկողիններուն վրայ տապլտկելով, մինչեւ որ յոգնէինք ու քունը առնէր մեզ իր գիրկը ու օրօրէր մինչեւ առաւօտ:
Այգաբացին կ՚արթննայինք, շատ կանուխ, քանի որ արդէն կշտացած կ՚ըլլայինք քունէն, առաւել, որ դիմացի փուռին մետաղեայ ոլորուն վարագոյրը՝ ճռինչով մը կը բացուէր ու հացթուխի աղմուկը ծայր կ՚առնէր։ Դեռ մութնուլուսին, պիտի սկսէին շաղել խմորն ու վառել փուռը, որպէսզի հաց թխէին եւ թարմ ու տաք հացի համար փուռ վազողներուն պահանջքները գոհացնէին:
Թարմ ու տաք հացին բուրմունքը կը ղտղտացնէր մեր ռունգերը, սակայն ցախերով ու մանրուք ածուխով բանող փուռը այնպիսի մուր կ՚արձակէր ծխնելոյզէն, որուն փոշին մեր մժեղարգելներէն ներս թափանցելով, յաճախ մեր երեսներն ալ կը սեւցնէր։
Քնանալու նախերգանքը, որ կրնար մէկ ժամէն աւելի տեւել, ամենահետաքրքրական պահն էր, ուր դրացիներ տանիքէ-տանիք իրարու հետ կը խօսէին զանազան եւ զարմանազան նիւթերու շուրջ: Երբեմն շուրջի տանիքներուն վրայ աչք պտտցնելով, աղջիկ-մաղջիկ ալ կը հաւնէին, կամ հակառակը ասոր անոր հասցէին տեսակաւոր բամբասանքներ կը փոխանակէին ու չէին մոռնար անկողիններուն կողքը շարուած ափսէներու մէջ արեւի ջերմութեամբ եփուող լոլիկի ռուպին, կամ ծիրանի անուշին մասին ալ ակնարկներ ընելու ու մասնագիտական տեղեկութիւններ փոխանակելու
Կը յիշեմ տակաւին, մեր տան կողքին աւելի բարձրադիր տանիքէ մը տարեց մարդ մը արիշէն կախուած լամբին օգնութեամբ ասոր անոր տանիքը կը զննէր ու աչքը միշտ կիներուն վրայ էր։ Կիները անոր անունը «բու» դրած էին, եւ օր մըն ալ զզուած անոր ամէնօրեայ լպիրշ նայուածքներէն, քար մը նետելով կոտրեցին անոր լամբը: Այդ եղաւ ու մարդը մէյ մըն ալ չհամարձակեցաւ տանիք ելլել եւ կիները դիտել։
Հիմա, այսքան երկար տարիներու հեռաւորութենէն աննկարագրելի կարօտով կը յիշեմ այդ բոլորը ու կ՚ըսեմ՝ ախ, այդ տանիքները լեզու ունենային ու պատմէին:
ՈՒՍՈՒՄՆԱՏԵՆՉ ԿՈՎԸ
Մանուկ էի դեռ պատանեկութեան սեմին, ու իմ տարիքիս բոլոր տղոց նման մեր ընթացիկ կեանքին մէջ արտասովոր դէպքերու եւ անակնկալներու սիրահար։
Օրինակ՝ կորսուած երեխայի մը մասին մունետիկին թրքերէնով բարձրագոչ յայտարարութիւնները թաղէ-թաղ, գտնողին նիւթական վարձատրութեան մը խոստումով, անմիջապէս կը յաջորդէր մեր վազքը թաղէ-թաղ երեխան գտնելու եւ ծնողքին յանձնելով նիւթական նուէրին տիրանալու:
Կամ՝ դրացիներու միջեւ ծագած կռիւներ, որոնք տուներու պատերէն դուրս կու գային ու փողոց կ՚իջնէին իրենց փոխադարձ գունագեղ հայհոյանքներով ու անէծքներով, որոնցմէ ամենահետաքրքրականները կանանց միջեւ ծագած կռիւներն էին, եւ նման բաներ մեր տարիքին անյարիր տափակ առօրեային քիչ մը գունաւորում տուող:
Ու պատահեցաւ անակնկալը։ Շաբաթ յետմիջօրէ մըն էր, տարօրինակ բացագանչութիւններ, հայերէնի, արաբերէնի ու թրքերէնի խառնուրդ պոռչտուքներ, որոնք մագնիսի պէս դէպի Ք.Ե. ճեմարանի փողոցը քաշեցին յարակից թաղեցիները: Ես ալ վազեցի առանց իմանալու պատճառը, անցայ Զաւարեան դպրոցի թաղը, ճամբուս վրայ ասոր-անոր հարցնելով ու հասայ թաղին ծայրը՝ Ճանոյին խանութին առջեւ, ուր արդէն բաւական մարդիկ հաւաքուած էին. ու ինչ տեսնեմ սանձարձակ, վզկապէն փրթած կով մը ինչպիսի կատաղութեամբ կը վազէ մէկ մայթէն միւսը՝ փողոցը խաչաձեւելով, մինչ իր ետեւէն ինկած մսավաճառ Յակոբն ու իր աշկերտները կը փորձեն շրջապատել ու բռնել զայն: իսկապէս կո՞վ էր, թէ՞ եզ, կամ ցուլ, չեմ գիտեր բայց քանի որ «Ղասապ» Յակոբը կովի միսի վաճառական էր, ուրեմն կով էր թէեւ անոր ցլամարտի շարժումները կասկած չէին վերցներ, որ ցուլ էր։ Հերոսը մսավաճառն էր եւ երեւի գիտէր կենդանին զսպելու ձեւը ու բաւական մօտենալով ամէն ճիգ կը գործադրէր անոր պոչը բռնելու, դիտորդները երեւի գիտեն․
Խալաս,- կ՚ըսէ մին,- պոչը որ ձեռք անցուց կրնայ զսպել հայվանը:
Բայց ինչ զսպելու խօսք է, ֆիլմերու մէջ մեր տեսած վայրի ձիերու վարժեցման ընթացքի այդ ահաւոր պայքարն է մարդուն ու անասունին միջեւ, յանուն ազատութեան: Տեսնես, ինչպէս կը պայքարի խեղճ կենդանին, գիտէ, որ մորթելու պիտի տանին: Ու այս աննախընթաց պայքարին մէջ, երբ կովը բաց տեսաւ ճեմարանի դարպասը, նետուեցաւ ներս, այս անգամ տեսարանը փոխադրուեցաւ բակը։ Այն ատեն դեռ ճեմարանի այժմու քարէ շէնքը չկար, յիշողները կը մտաբերեն, թիթեղածածկ սուր տանիքներով տաղաւար-տնակներ էին, իւրաքանչիւր դասարան առանձին:
Երբ բակին մէջ ալ հետապնդումը արդիւնք չտուաւ, կովը ինքզինք նետեց դասարաններէն մէկէն ներս: Աստուած գիտէ ներսը ինչ իրարանցում տեղի ունեցաւ, նստարաննրը ինչպէս իրար անցան, սակայն ղասապ Յակոբն ու իր աշկերտները արիւն քրտինք կտրած վերջապէս լաւ մը կապկպած դուրս բերին կովը ժողովուրդին ծափերուն տակ:
Ճեմարանը իր ամբողջ պատմութեան մէջ առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով մսացու կով մը հիւրընկալեց, բայց խեղճ կենդանին գոնէ բան մը սորվեցա՞ւ:
Կովը բան մը չսորվեցաւ, բայց դիտողները գոնէ տեսան, թէ ինչ կը նշանակէ կեանքի պայքարը։
ՀԵՂԻՆԱԿԸ՝ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին: Մասնագիտացած է անգլերէն գրականութեան եւ մանկավարժութեան մէջ։
Երկար տարիներ աշխատակցած է սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլին իր շաբաթական ակնարկներով, որոնց թիւը կը գերազանցէ 750-ը։
2014-ին հաստատուած է Երեւան:
Այս գիրքը իր իններորդն է։ Ունի անտիպ «Հատընտիր ակնարկներ»ը, որ ընտրանի մըն է Հայաստանի մէջ իր գրած 477 ակնարկներէն։
Գրականութեան կողքին ունի բաւական հարուստ թատերական գործունէութիւն՝ 6 տասնամեակի վրայ երկարող: Անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան