ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԽԱԲԿԱՆՔՆ ՈՒ ՏԳԵՂՈՒԹԵԱՆ ՀՄԱՅՔԸ

Ժամանակի հոսքին մէջ միլիոնաւոր անուններ կը մոռցուին, շատերն ալ կը մնան միայն օրաթերթերու էջերուն մէջ, իսկ կան անուններ, որոնք կը փառաբանուին յաւերժօրէն։ Ասոնց կողքին կան նաեւ անուններ, որոնք կը յիշուին իբրեւ հասարակութեան ծաղրի ու նախատինքի առարկաներ։ Բայց դարերու հեռութենէն, երբ կը փորձենք նայիլ մարդկային ճակատագրերու խորքը՝ կը հասկնանք, որ ամենէն մեծ խայտառակութեան մէջ նոյնիսկ կայ սիրտ շոյող պատմութիւն մը, որ հակասական այս ժամանակներուն լոյս կը սփռէ։

Այդպիսի ճակատագրական անուն մըն է Մերի Էնն Պեւըն (1874-1933թթ.), անգլիացի կին մը, որ անցեալ դարուն աշխարհին կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ «Աշխարհի ամենատգեղ կինը», բայց, անոր կեանքի բարդութիւնը տեսնելով, այսօր զինք պիտի կոչենք ո՛չ թէ «տգեղ», այլ «աշխարհի ամենագեղեցիկ մարդը»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Մերի Էնն ծնած է Լոնտոնի մօտակայ գիւղական միջավայրի մը մէջ։ Իր մանկութիւնը անցած է պարզ ու համեստ պայմաններու ներքոյ։ Երիտասարդ տարիքին ընտրած է գուրգուրանքի եւ նուիրումի ճանապարհ մը՝ դարձած է բուժքոյր։ Իր կեանքը գրողները կը նկարագրեն, որ գործին մէջ պարտաճանաչ ու հոգատար էր, ճանչցուած էր իր նրբանկատ հոգածութեամբ՝ կեանքի ու մահուան սահմանագիծին գտնուող հիւանդներուն հանդէպ։

Ամուսնանալէ եւ չորս զաւակ ունենալէ ետք, կեանքը կարծես կը խոստանար համեստ երջանկութիւն մը։ Բայց, ճակատագիրը անոր համար դաժան խաղ մը պատրաստած էր։

Մերի Էնն երբ 32 տարեկան էր, անոր դէմքին ու մարմինին տեսքը սկսան փոխուիլ, տեսողական դաշտը նուազեցաւ եւ գլխացաւեր ունեցաւ։ Անոր քով ի յայտ եկած էր «աքրոմեկալիա» անունով հորմոնային հիւանդութիւն մը, որ յառաջ կու գայ մարդու աճի հորմոնի արտադրութեան աւելցուկէն։ Այս խանգարումը դանդաղ եւ անողորմ կերպով կը մեծցնէր անոր դէմքն ու մարմնի ոսկորները, անճոռնի դարձնելով այդ կնոջ դիմագիծերը, որոնք երիտասարդ տարիներուն նուրբ ու կանացի կերտուածք ունէին, իսկ մարմինը գեղանի էր եւ շարժուն… Հիւանդութեան հետեւանքով յաճախ կը ծանրաբեռնուին ներքին օրկանները՝ առողջական բարդութիւններու պատճառ դառնալով։

Այս հիւանդութիւնը միայն մարմնին վրայ աւեր չէր գործեր․ անոր հետ կու գար նաեւ հոգեկան ծանր տագնապ մը, որովհետեւ ինք կը հեռանար իր արտաքինէն, ուրեմն եւ՝ ինքնութենէն։ Բայց աւելի ծանր էր հասարակութեան արձագանգը՝ ծաղր ու զարմանք, կապերու խզում եւ հեռաւորութեան պահպանում։ Ան այլեւս չէր կրնար աշխատիլ որպէս բոժքոյր եւ մնաց անգործ։ 

Լոնտոնը կ՚ապրէր ժամանակաշրջան մը, երբ աղէտներն ու քաղաքային թաղամասերու անկարգութիւնները մարդկային առօրեային մութ ու հիասթափեցնող երանգներ կը հաղորդէին։ Այդ ժամանակաշրջանի Լոնտոնը, բարգաւաճող կայսրութեան ներսը, մէկ կողմէ կը ցուցադրէր քաղաքային շինարարական յառաջընթաց, արդիւնաբերութեան ծաղկում, նորարարութիւններ, իսկ միւս կողմէ տակաւին աղքատութեան, վարակիչ հիւանդութիւններու եւ հասարակական յետամնացութեան երեսակ մը ունէր։ Միջավայր մըն էր՝ խառնուած չքաւորութեան, նորարարութեան եւ խստօրէն բաժնուած դասակարգային ախտերով, ուր նկատելի էին անարդարութիւնները եւ, ցաւօք, նաեւ խտրութիւնը, որուն առարկայ դարձաւ նաեւ Մերի Էնն Պեւըն։ Այդ ժամանակներուն հորմոնային այս հիւանդութիւնը գրեթէ անբուժելի էր, բժշկական նորագոյն եւ բարդ միջոցներ չկային, իսկ այսօր զանազան միջոցներով կը դարմանուի հիւանդագին վիթխարութիւնը եւ այդ ախտէն տառապողը կրնայ բուժուիլ եւ բնականոն կերպով վերադառնալ հասարակութիւն։ 

ԿՈՐՍՏԵԱՆ ԵՒ ՄԵՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամուսնոյն անակնկալ մահը նոր անկում մը եղաւ Մերի Էննին համար։ Ան մնաց միայնակ՝ չորս փոքրիկներուն հետ։ Աղքատութեան խեղդող պայմաններուն մէջ մայր մը շատ սահմանափակ ընտրանք ունի։ Աշխատելու կարելիութիւնները սակաւ էին եւ անոր արտաքին երեւոյթը աւելի դժուարութիւններ կը յարուցէր՝ գործ գտնելու եւ հասարակութեան մէջ տեղ գրաւելու համար։ Զաւակներուն ճակատագիրը կախուած էր միայն իրմէ եւ իր կամքէն։ 

Եւ ահա այստեղ կը սկսի պատմութեան ամենաողբերգական, բայց միաժամանակ ամենահերոսական մասը։ Մերի Էնն, որ կ՚ապրէր վիրաւորուած արժանապատուութեամբ, ստիպուեցաւ ընդունիլ աշխարհին դաժան խաղը։ Հետեւելով թերթին մէջ տպուած յայտարարութեան մը՝ մասնակցեցաւ անպատուաբեր մրցոյթի մը՝ «Աշխարհի ամենատգեղ կինը» խորագրով։ Այդ մրցոյթի ստեղծման պատճառները հիմնականը ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային էին՝ Լոնտոնի ծայրամասային թաղամասերու հասարակական տրամադրութիւններուն համահունչ։ Նպատակն էր խեղաթիւրուած արտաքինով մարդիկը ցուցադրել՝ իբրեւ հանդիսատեսի զուարճանք։ Մերի Էնն Պեւընի դէմքն ու արտաքինը բաւական էին, որպէսզի ան շահի առաջին տեղը՝ ընտրուելով 250 մասնակիցներէ մէջէն։ 

Այդ պահէն սկսեալ՝ Մերի Էնն Պեւըն դարձաւ կրկէսներու եւ ցուցադրութիւններու անբաժան մաս։ Եւրոպայի ու Ամերիկայի բեմերէն ներս զինք կը ներկայացնէին իբրեւ «սոսկալի տեսարան», «չտեսնուած հրէշ»։

Այդ տարիներուն այդ «յիմար ցուցադրութիւնները» բաւականին տարածուած էւն արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ կը կազմէին ամերիկեան մշակոյթի սովորական մաս։ Մարդիկը ցուցադրութեան կը հանէին իրենց արտասովոր արտաքինի պատճառով՝ հսկաներ, գաճաճներ, կուզիկներ, սապատաւորներ, թերաճներ, այլ թերութիւններ կամ հիւանդութիւններ ունեցողներ զանազան պայմաններով կը յայտնուէին բեմին վրայ եւ ապշանք ու զուարճանք կու տային դիտողներուն։ Նոյն ձեւով բեմին վրայ յայտնուեցաւ Մերի Էնն Պեւըն։ Հանդիսատեսը կը ծափահարէր՝ տեսնելով կինը, որուն դիմագիծը եւ մարմինը կտրուկ փոխուած էին եւ ոտքերուն հսկայական չափի կօշիկ ունէր։ Բայց անոր հոգիին մէջ այդ ամբողջ ծափահարութիւններէն միայն ծաղրին սուր նետը կը հասնէր։ Հրաշքներու եւ կրկէսներու ցուցադրութիւններու աշխարհը անոր ապրուստի հնարաւորութիւն տուաւ, սակայն, աւելի մեծ էր լրացուցիչ ուշադրութեան եւ քննադատութեան բեռը, որ երիտասարդ կինը կը կրէր լուռ ձեւով։ 

ՄԱՅՐ ՄԸ ԲԵՄԻՆ ԵՏԻՆ

Այդ ամէնուն ետին սակայն կը մնար մայրը, կինը, որ բեմէն վար, անաղմուկ եւ զսպուած կերպով կը հաշուէր իր եկամուտները եւ տուն կը տանէր զաւակներուն համար։ Իր ամբողջ վաստակը, որ մեծ բան մըն ալ չէր, կը տրամադրէր փոքրիկներուն կրթութեան եւ ապրուստին։ Երբեմն կը ձախողէր, երբեմն կը յաջողէր, բայց ամէն օրը կռիւ մըն էր՝ մէկ կողմէ աշխարհին դէմ, միւս կողմէ՝ իր զաւակներու ապագային համար։ Երբեմն, երբ հանդիսատեսը տրամադրող ըլլար, ան իր զաւակներուն նկարները ցոյց կու տար՝ համոզելով, որ գեղեցիկ երեխաներ ունի, իսկ որդին ալ յաջողութիւններ արձանագրած է նաւաստիներու դպրոցին մէջ։ 

Աշխարհը զինք կը ծափահարէր իբրեւ ծաղրանքի առարկայ, իսկ ան իր մտերիմներուն աչքերուն մէջ կը մնար հերոսուհի մը։ Այս հակադրութիւնն է, որ անոր պատմութիւնը դարձուցած է բացառիկ եւ սիրտի դպչող․ մարդիկ սկսան աստիճանաբար անդրադառնալ եւ խորհիլ՝ ո՞վ է աւելի տգեղ՝ այն կի՞նը, որ զոհաբերեց իր անձը՝ որպէսզի ուրիշներ ապրին, թէ՞ այն հասարակութիւնը, որ ծափահարեց այդ կինը եւ զուարճանքի ղրուշներ նետեց անոր։ Իրենց կեանքով յետագայ տարիներուն շատերուն համար օրինակներ դարձան նման մարդիկ, որոնք զանազան թերութիւններ, հիւանդութիւններ ունենալով կամք դրսեւորեցին՝ վեր հանելու իրենց անսահման կարողութիւնները, դիմակայելով ճակատագրին, նոյնիսկ եթէ այդ ճակատագիրը խոր տառապանքներ ու անարդարութիւն կը բերէ։ 

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

Մերի Էնն Պեւընին տրուած կոչումը՝ «Աշխարհի ամենատգեղ կինը», այսօր կը հնչէ իբրեւ դատապարտութիւն ո՛չ թէ իր, այլեւ՝ այն աշխարհին, որ այդ անունը յօրինեց։ Որովհետեւ իր կեանքը ցոյց կու տայ, որ գեղեցկութիւնը արտաքին երեւոյթին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։ Գեղեցկութիւնը կը ծնի զոհաբերութեան մէջ ու կ՚ապրի հաւատարմութեան մէջ, երբ մայր մը կը մոռնայ իր անձը, միայն որպէսզի զաւակները ապրին, ընտանիքը դիւրակեցիկ ըլլայ։ 

Հնարաւոր չէ մտածել աւելի վեհ գեղեցկութիւն մը, քան սիրտէն ծնած այն շքեղութիւնը, որուն համար Մերի Էնն Պեւըն պատրաստ եղաւ կրել ծաղր ու նախատինք։ Աշխարհը անոր աչքերուն մէջ տեսաւ միայն մարմնական խեղաթիւրում։ Բայց անոր զաւակները տեսան ուրիշ բան՝ անոնք տեսան մօր մը աչքերը, որոնք կը փայլէին անսահման սիրով։ Մինչեւ իր կեանքի վերջը ան մնաց կրկէսներու ցուցադրութեան մէջ եւ մահացաւ 1933 թուականին։ Նկատի առնելով տառապանքներն ու ընկերային դժուարութիւնները, անոր մահը կարելի է համարել կեանքի ծանր փորձութիւններու հանգուցալուծում։

Արտասովոր այդ կնոջ գերեզմանը այսօր կը մնայ համեստ անկիւն մը Լոնտոնի մէջ, բայց իր կեանքը, թէեւ հազարաւորներու ուշադրութեան տակ էր, առաւել համեստ էր՝ ապրող պատգամներով։ 

Երբ լսենք այդ դաժան արտայայտութիւնը՝ «Աշխարհի ամենատգեղ կինը», պէտք է խորհինք այն հասարակութեան մասին, որ կը ստեղծէ նման արտայայտութիւններ եւ կը փակցնէ մարդոց՝ առանց հասկնալու, թէ ինչ բարդ պատմութիւն կրնայ թաքնուած ըլլալ այդ արտաքինին ետին։ 

Եւ եթէ փորձենք նոր բնորոշում մը տալ Մերի Էնն Պեւընին, աւելի արդար եւ աւելի ճշմարիտ, ապա կրնանք ըսել միայն մէկ բան՝ ան եղաւ «աշխարհի ամենագեղեցիկ անձը»։

Իրմէ ետք եկան ժամանակներ, երբ իրական գեղեցկութիւնը սկսաւ չափուիլ ո՛չ թէ հայելիներով, այլեւ՝ հոգիի խորութեամբ։

Իսկ այսօր կրկին ուրիշ ժամանակներ եկած են։ Հոգիի գեղեցկութիւնը սկսած է իր տեղը զիջիլ…

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԽԱԲԿԱՆՔԸ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ

Կը թուի, թէ հարիւր տարի անց աշխարհը փոխուած է՝ կիներ այլեւս չեն ցուցադրուիր կրկէսներու մէջ իբրեւ հրէշներ։ Բայց այսօր կիներ ցուցադրութեան աւելի շատ վայրեր ունին եւ մրցավազքի ելած են կարծես, թէ չըլլալու տգեղ եւ յաղթելու իբրեւ գեղեցիկներ։ Եւ արդեօք ճի՞շդ է ըսել, թէ մենք ազատագրուած ենք նոյն անողորմ չափանիշներէն, որոնք կը գործէին անցեալ եւ նախանցեալ դարերուն։ 

Այսօր կիներուն վրայ կը գործէ այլ տեսակի ճնշում մը։ Գեղեցկագիտութեան արդիւնաբերութիւնը, որ միլիոններ կը շահի, անընդհատ կը պարտադրէ նոր չափանիշներ՝ բարակ ու վեր տնկուած քիթեր, դաջուած յօնքեր, հաստ շրթունքներ, մարմինի կոկիկացուած եւ ցցուած մասեր, որոնք պէտք է նմանին լուսանկարուած բնորդուհիներուն։ Եւ ինչքա՜ն կիներ կը դիմեն վիրաբուժական գործողութիւններու՝ այդ պարտադրուած կաղապարին համապատասխանելու համար։ Այդ ճնշումներուն ենթարկուած կիները անվերջ կը ձգեն իրենց դէմքերը, արհեստական մազեր կը զետեղեն իրենց մազերուն ծայրերը, աչքերու արտայայտութիւնները կը ձեւափոխեն, եղունգները կը լիցքաւորեն, կուրծքերն ու իրանները կը չափաձեւեն եւ, այս բոլորը կը ներկայացուին իբրեւ «ինքնավստահութեան բանալի», բայց, իրականութեան մէջ կը շարունակեն նոյն ճնշումը, որուն զոհ գնաց Մերի Էնն Պեւըն։ Եւ այդպիսի կիներուն ամէն ջանքը յաջողութեամբ չի պսակուիր, շատ յաճախ ալ անոնք այլանդակ արտաքին կը ստանան, քան՝ կը սպասէին, բայց նոյնիսկ ատիկա ցուցադրութեան առարկայ կը դառնայ։ 

Ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնէք այն կրկէսին միջեւ, ուր Մերի Էննը ցուցադրուեցաւ իբրեւ ճիւաղ, եւ մեր օրերու այն անթիւ նկարներու ու գովազդներու միջեւ, ուր կիները կը դառնան միայն դիտելու առարկաներ։ Երկուքն ալ նոյն տրամաբանութենէն ծնած են՝ կինը կը գնահատուի ո՛չ թէ իր հոգիով ու արժէքով, այլ՝ իր արտաքինով, որ կ՚արտացոլացնէ մեր ժամանակներու դրամական յարաբերութիւնները։

ՀԵՐՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ

Մերի Էնն Պեւըն իր ամբողջ տառապանքով հանդերձ, ընտրեց զոհաբերութեան ուղին։ Իր մարմինը դարձաւ ծաղրի առարկայ, բայց ան իր զաւակներուն ապագան ապահովեց։ Իսկ մեր օրերուն բազմաթիւ կիներ, ծաղրի կամ մերժման զոհ չըլլալու համար, կը դիմեն վիրաբուժութեան՝ ծախսելով հազարաւոր դրամներ, որոնք կը կտրուին իրենց ընտանիքներու եւ զաւակներու կոկորդէն։ Մէկը կը ցանկայ երիտասարդ մնալ, միւսը՝ աւելի նուրբ, միւսը՝ աւելի հմայիչ եւ կանչող։ Ընկերային ցանցերու անգութ լուսարձակներուն տակ գեղեցկութիւնը այլեւս բնական շնորհ մը չէ, այլ պարտադրուած պարտականութիւն է, որուն վերջը չ՚երեւիր։ 

Արդիւնքը սակայն երբեմն նոյնքան ողբերգական է։ Մարմինը կը վերածուի մշտական անբաւարարութեան դաշտի, իսկ կինը՝ անընդհատ անուշադրութեան թակարդի մէջ կը փորձէ վերաձեւել իր անձը։ Բայց որքան ալ դանակի տակ պառկին, որքան ալ շրթունքները կամ դէմքը փոխուին, միշտ կը մնայ այն անպատասխան հարցումը․ իսկ ո՞ւր է անոր ինքնութիւնը… Ցաւալին այն է, որ այսօրուայ մշակոյթը կը շարունակէ ստեղծել խեղաթիւրուած չափանիշներ, որոնք իրական արժէքները կը դարձնեն դատարկ ու մակերեսային։ 

Մերի Էնն Պեւընին հերոսական մայրութիւնը կ՚ապացուցէ, որ գեղեցիկ է այն կինը, որ իր սիրտը կը դնէ զաւակներուն համար։ Գեղեցիկ է ան, որ իր անձը կը վերածէ սիրոյ աղբիւրի։

Անոր պատմութիւնը մեզի նաեւ կը յիշեցնէ, որ մարդկային փորձութիւններն ու դժուարութիւնները երբեմն կրնան ըլլալ մեր մեծագոյն ուժի աղբիւրները՝ օգնելով յաղթահարել բոլոր անհաւատալի դժուարութիւնները։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025