ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԵՒ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վերջին տասնամեակներուն, ընկերային ցանցերը դարձած են մարդկային փոխյարաբերութիւններու առանցքային միջոցներէն մէկը։ Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ, Էքս (նախկին Թուիթըր), ԹիքԹոք եւ այլ համացանցային հարթակներ՝ մարդիկը իրարու հետ կապի մէջ կը պահեն վիրթիւէլ տարածութեան մը մէջ, ուր սահմանները, ժամանակը եւ նոյնիսկ՝ դէմ առ դէմ շփումի պակասը նոր տեսակի հաղորդակցութիւններու եւ յարաբերութիւններու սկիզբ կը դնեն։ Բայց արդեօք այս զարգացումները դրական արդիւնքներ կը բերե՞ն, թէ՝ խորքային վնասներ կու տան հասարակական կապերուն։

Ընկերային ցանցերը հիմնովին փոխեց մեր յարաբերութեան ձեւերը։ Նախապէս, ընկերային շփումները տեղի կ՚ունենային ֆիզիքական միջավայրի մէջ՝ դպրոց, աշխատավայր, սրճարան, զբօսանք եւ այլն։ Իսկ այսօր, մարդիկ կրնան առօրեայ շփում ունենալ առանց զիրար դէմ առ դէմ տեսնելու։ Որեւէ մարդ կրնայ «ընկերանալ» կամ «հետեւիլ» մէկու մը, առանց իրական հաղորդակցութեան խորք ստեղծելու։ Սա որոշ պարագաներու մէջ կը դիւրացնէ կապերու ստեղծումը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ կը յանգեցնէ մակերեսային յարաբերութիւններու աճին։

Ընկերային ցանցերու յատկութիւններէն մէկը այն է, որ մարդը կը ներկայացնէ իր «լաւագոյն տարբերակը»՝ գեղեցիկ նկարներ, դրական գրառումներ, յաջողութիւններ հրատարակելով… Այս ձեւով՝ մենք կը ստեղծենք գեղարուեստական պատկեր մը, որ կրնայ շատ քիչ աղերս ունենալ իրականութեան հետ։ Արդիւնքին՝ մարդիկ սկսած են մրցիլ այդ պատկերի հետ, ոչ թէ իրական անձին հետ։ Ընկերային յարաբերութիւնները յաճախ կը դառնան «լայք»երու եւ հետեւորդներու թիւով չափուած արժէքներու վրայ հիմնուած։

Այս երեւոյթը կը սաստկացնէ ընկերային ճնշումները՝ յատկապէս երիտասարդներու մէջ, որոնք իրենց ինքնագնահատականը կը կապեն համացանցային հաստատումներուն հետ։ Ճշմարիտ բարեկամութիւնը կը փոխարինուի վիրթիւէլ ներկայութեամբ, իսկ խորքային զրոյցներու փոխարէն՝ կ՚ունենանք սեղմուըւած յայտարարութիւններ եւ պատկերներ։

Ընկերային ցանցերը կը խթանեն անընդհատ բաժնում մը։ Մարդիկ հաւաքական մթնոլորտի մէջ կը գտնուին, ուր անձնական կեանքը իբրեւ «բովանդակութիւն» կը ծառայէ։ Սա յաճախ սահմաններու կորուստ կը ստեղծէ։ Մարդիկ մոռնալով, թէ ի՛նչ է անձնականը եւ ինչ է հանրայինը, անտեսելով այլ մարդոց իրաւունքներն ու զգացումները՝ կը տեղադրեն տեղեկութիւններ, որոնք կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ։

Հակառակ վերոնշեալ խնդիրներուն, պէտք է ընդունիլ, որ ընկերային ցանցերը ունին նաեւ շարք մը դրական կողմեր։ Զանոնք կը մօտեցնեն հեռաւորութիւնները։ Մարդիկ կրնան շփուիլ ընտանեկան անդամներու, հին դասընկերներու, օտար երկիրներու մէջ ապրող ընկերներու հետ՝ ամենօրեայ կամ առնուազն կանոնաւոր հիմքով։ Հետաքրքրութիւններու հիմամբ խումբերու մէջ մաս կազմելով՝ մարդիկ կրնան զգալ համայնքի մը մաս ըլլալու զգացումը՝ նոյնիսկ երբ առանձին են։

Հարկ է նշել նաեւ, որ ընկերային ցանցերը հնարաւորութիւն կու տան մարդոց մնալ կապի մէջ՝ նոյնիսկ երբ ֆիզիքապէս հեռու են իրարմէ։ Սակայն այս «մօտիկութիւնը» յաճախ պատրանքային է։ Երբ հաղորդակցութիւնը սահմանափակուած է գրային կամ պատկերային ձեւով, կը կորսուի մարդկային շփման կենսական կողմերը. ինչպէս՝ ձայնի երանգը կամ մարմնի լեզուն։ Այնուամենայնիւ, յարաբերութիւնները կրնան աւելի մակերեսային դառնալ։

Արդարեւ, բազում մարդոց համար ընկերային ցանցերը հարթակներ կը հանդիսանան՝ ինքնարտայայտման, կազմակերպման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Այս իմաստով, կապի այդ ձեւը կրնայ դառնալ հզօր գործիք մը՝ թէ՛ անձնական եւ թէ հաւաքական ինքնութիւնը զօրացնելու։

Ընկերային ցանցերը իրենց ազդեցութեամբ անդիմադրելի գործօններ են ժամանակակից մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Անոնք ունին ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասական հետեւանքներ։ Ամէն ինչ կախուած է մարդոց օգտագործման նպատակէն կամ ձեւէն։ Եթէ կիրառուին գիտակցաբար, հաւասարակշռութեամբ եւ սահմաններով՝ անոնք կրնան հանդիսանալ կապի, ուսման, տեղեկատուութեան եւ հոգեբանական աջակցութեան միջոց։ Իսկ եթէ վերածուի ինքնագովութեան, մակերեսայնութեան եւ կախուածութեան միջոցի՝ կրնայ աւերիչ հետեւանքներ ունենալ մեր ընկերային ու զգացական աշխարհներուն վրայ։

Հետեւաբար, ներկայ ժամանակներուն մարդը կանգնած է ընտրանքի մը առջեւ՝ ընկերային ցանցերը կը վերածուի՞ն պատանդի, թէ՝ կը դառնան միջոց մը իսկական յարաբերութիւնները խորացնելու։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025