ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ

Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը շաբաթավերջին այցելեց Անգարա։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 14-ին, Վարդանանց երգչախումբը համատեղ համերգով մը հանդէս պիտի գայ՝ Պետական սենֆոնիք նուագախումբին հետ։ Քարլ Օրֆի նշանաւոր «Քարմինա Պուրանա» օրաթորիոյի երգեցողութիւնը պիտի իրականացնէ Վարդանանց երգչախումբը։ Այս կարեւոր ելոյթին ընդառաջ արդէն տեղւոյն վրայ փորձեր ընելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի երգչախումբին։ Այդ փորձերէն առաջինը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ժամանած էին 250 հոգիէ բաղկացեալ՝ սիրողական այլ երգչախումբերու անդամներ։ Վարդանանց երգչախումբը Անգարայի մէջ փորձ մը կատարեց՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 7-ին եւս երգչախումբը Անգարայի մէջ երկրորդ փորձ մը ընելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ։

Այս բոլորէն վերջ, դեկտեմբերի 14-ին արդէն տեղի պիտի ունենայ Վարդանանց երգչախումբին Անգարայի ելոյթը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025