Երկուշաբթի 9, Փետրուար 2026
ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎԱՀՐԱՄ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Երէկ, Պէյօղլուի ընտանիքը բիւր երախտագիտութեամբ յիշեց թաղային խորհուրդի մօտաւոր անցեալի սիւներէն Վահրամ Վարդանեանը։ Այսպէս, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ բարեյիշատակ Վահրամ Վարդանեան, որ տասնամեակներ շարունակ մաս կազմած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին եւ գնահատանքի արժանացած՝ իր մատուցած ծառայութիւններով։
Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026