Երեքշաբթի 24, Փետրուար 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Մեծ պահոց խորախորհուրդ օրերու մթնոլորտին մէջ, զանազան թաղերէ հաւատացեալներ փութացած էին եկեղեցի։ Բոլորը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզին ունկնդրեցին մեծ ուշադրութեամբ՝ մինչ հոգեպարար շարականներն ալ խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերը, դպիրներն ու հաւատացեալները։
Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026