ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ, Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Այս առթիւ չորրորդ դասարանի աշակերտները մէկտեղուեցան հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի հետ, որ գիրքերու ալ հեղինակ մըն է։ Լեռնա Գարագիւթիւք օրուայ իմաստին շուրջ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց նուիրեց նաեւ իր գիրքերէն օրինակներ։

Հուսկ, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը յուշանուէր մը յանձնեց Լեռնա Գարագիւթիւքին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 25, 2026