ՓԱՐԻԶԻ ՀՐԷՇԸ «ԱՊՈՒ ՂՐԷՊ» ԲԱՆՏԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ Է
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Այս տարուան ընթացքին երկու անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզը հարուածած ահաբեկչութիւնը Եւրոպայի սիրտը դարձուց աւելի մերկ ու թափանցիկ՝ վտանգին դիմաց: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Եւրոպա «ներխուժած» անպատսպարներու շարքերուն մէջ կան մեծ թիւով ծրագիր-ահաբեկիչներ: Անոնք, որ Միջին Արեւելքի սարսափներէն կու գան: 2003 թուականին դէպի Իրաք ներխուժումով ու յատկապէս իրաքեան հզօր բանակին լուծարումով աննախընթաց կերպով աճեցան մահմետականի անունով հանդէս եկող խմբաւորումները եւ դարձան ահաբեկչութեան թագը վերցնողներ: Ոչ ոք հարցուց անոնց արմատներուն ու սկզբնաւորման մասին: Բոլորը իրենց բերանները լայն բացին մահմետականին ու մահմետականութեան դէմ շատ յաճախ յայտարարելով, որ այս ահաբեկիչներու արմատները կապուած են այս կրօնի օրէնքներուն եւ ըմբռնումներուն հետ:
Սակայն ահաբեկչութիւնը մահմետականը չէր:
Պատմական անցեալը լոյսին տալու կարիք չկայ, փաստելու համար, որ մահմետականն ու արաբը փայլուն քաղաքակրթութիւն կերտած գոյութիւններ են:
Եւրոպան այսօր կը մղկտայ: Վախը, սարսափը, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS) դէմ պատերազմ մղելու կարեւորութիւնը դարձած են ամէնօրեայ խնդիրներ:
Եւրոպացիք սակայն կը մոռնան իրենք իրենց հարց տալ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս աճեցան այս ահաբեկիչները: Ինչպէ՞ս Փարիզ եւ Պրիւքսէլ հասան եւ այսօր դարձած են համատարած սպառնալիք մը:
Պատասխանը մէկ է: Փարիզի արուարձաններուն մէջ պտըտող հրէշները կամ հրէշային ծրագիրներ իրենց լարուած գօտիներուն եւ արկղերուն մէջ պահող ծայրայեղակնները արդիւնք են, նոյն Արեւմուտքի արեւելեան կողմն աշխարհի հանդէպ ունեցած տհաս, անհեռատես եւ «քաոս յանուն քաոս»ի կիրառած քաղաքականութեան:
Ու գաղտնիք չէ, որ անոնք այդ հրէշամարդերը ծնունդ առին Իրաքի ամենէն խաւար քաղաքներուն ու բանտերուն մէջ:
Ապու Ղրէպի մէջ, Ֆալուժայի մէջ, Թատմորի մէջ, Լիպիոյ Սարթ քաղաքի կեդրոնական բանտին մէջ: Հոն է նաեւ, որ եւրոպացիք նպատակադրեցին սպաննել Արեւելքի հզօր քաղաքակրթութիւնը:
Դատարկեցին Արեւելքի թանգարանները, այրեցին անոր գրադարանները, անտուն եւ անօգնական դարձոււցին անոր նկարողները եւ վիպասանները:
Անոնք նոյն արաբներն էին, որ կը խօսէին Մութանապիյի եւ Ժահէզի լեզուով, անոնք նոյն արաբներն էին, որ աստղերուն անուն կու տային եւ թուաբանութեան ու տարահաշիւի հիմքը կը կերտէին:
Եւրոպան, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կանգնած է մեծագոյն խնդրի մը առջեւ: Ու այդ խնդիրը հասկնալու ու անոր յարմար եւ ապահով լուծումներ մէջտեղ բերելու համար հարկ է, որ վերատեսութեան ենթարկուի Արեւելքի առընթեր Արեւմուտքի ընդհանուր քաղաքականութիւնը:
Ու ամենակարեւորը այն է, որ եւրոպացիք հարց տան Փարիզի արուարձաններուն մէջ պտըտող հրէշին ինքնութեան եւ արմատներուն մասին:
Հոնկէ կը սկսի լուծումներու նոր հանգրուանը:
Այո՛, միայն հոնկէ:
Ս. Ա.