ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԽՈՀԵՐ 2022. ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ ԵՒ ԽՈՍՏԱՆԱԼ. ԳՈՐԾՔՈՎ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապաշխարութեան մասին աստուածաբանական մօտեցումները թերի կը մնան, ըլլալով հանդերձ տեսականօրէն ճիշդ, իմաստասիրական մտորումները եւս կը մնան ակադեմական։ Հաւատացեալը անոնց կարիքը չունի եւ կամ չի հասկնար։