Եկեղեցական

ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն տանտէրն էր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

«ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է…»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 30-րդ օրն է:
Ճանապարհորդութեան աւարտին շատ չէ մնացած: Այդ պատճառով, ամէն ճիգ թափենք, որպէսզի կարենանք զգաստ, առողջ եւ լաւ վիճակով հասնինք աւարտին, կարենալ համարձակապէս կանգնելու մեր Տիրոջ ներկայութեան:

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ուէննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր սարկաւագ ձեռնադրեց Արարատ Գալփաքճեանն ու Յակոբ Ժամկոչեանը։

«ՔԵԶ ՔՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎԴ ԿԱՆՉԵՑԻ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եսայի մարգարէին միջոցաւ Ամենակալն Աստուած Իր ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասնզի Ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն Իմս ես» (Ես 43.1): Այս խօսքը սակայն, ո՛չ թէ միայն հրեայ ժողովուրդին ուղղուած էր այն ժամանակ, այլ՝ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն:

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓՈՐՁԵՐ

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Որպէսզի այս Սուրբ պահեցողութիւնը քու հոգեւոր կեանքիդ վրայ գործնական ազդեցութիւն ունենայ, առջեւդ կը դնենք մի քանի փորձեր, որպէսզի կատարես, որոնք եթէ կեանքի վերածես, պահեցողութենէդ կ՚օգտուիս։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի գործարար աշխարհի յայտնի դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ, միջոց մը առաջ յղացած էր առաջարկ մը՝ երկրէն ներս Յիսուս Քրիստոսի հսկայ արձան մը զետեղելու մասին։ Այդ առաջարկը միջոցէ մը ի վեր հրապարակային քննարկման արժանացած էր։

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԸ. ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի 24-րդ օրն է: Ժողովրդային անուանումով՝ Միջինք:
Շատեր, Միջինքը որպէս հանգստութեան եւ ուրախութեան առիթ կ՚ընկալեն, ոմանք նոյնիսկ իրենց պահեցողութիւնը կը խախտեն՝ մտածելով, թէ այդ օրը հանգիստի օր է, այն ինչ, այս օրը յատկապէս, վերաքննութեան, ինքնագնահատումի ամենէն կարեւոր օրն ու առիթն է, հասկնալու համար, թէ մինչեւ այսօր մեր ճանապարհորդութիւնը ինչպէ՞ս անցաւ, ո՞ւր հասած ենք, ի՞նչ վիճակի մէջ են, եւ այս ինքնաքննութիւնը, գնահատումն ու արժեւորումը կատարելէ ետք վերազինուինք, թարմանանք, նոր եռանդով ու ոգիով շարունակենք մեր ճանապարհորդութիւնը, ա՛լ աւելի ինքնապաշտպանուած հոգեւոր զէնքերով ու առաքինութիւններով:

Էջեր