ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետներու հանդիպում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրաւէրով, 1915 թուականի դէպքերու նահատակներու Սրբադասման արարողութեան եւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն առթիւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ համախմբուեցան համաքրիստոնէական ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները


Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորական այց մը տուաւ Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Մոնսենիէօր Եուսուֆ Սաղին