ՈՒԵԼՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Ուելսի Լորտ Կլաթսոնի անունը կրող գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական հերթական նիստը։ Թիւով չորրորդ այս նիստը նուիրուած էր Անկլիքան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութիւններուն մէջ Ս. Հոգիի դերին եւ աստուածաբանական նշանակութեան ընկալման։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Յաւարտ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նորօրհնեալ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնով պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Սուրբ իւղը կը տարուի դէպի Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհատարած թեմերը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան առթիւ հետեւեալ պատգամը տուաւ ողջ աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ երէկ պատմական փառաշուք արարողութիւնով մը օրհնուեցաւ սուրբ իւղը: