ԱՌՕՐԵԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄԻՍԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քաղուած «Յիսուսի սէրը կը բուժէ վիրաւոր ամէն սիրտ» գիրքէն. Հեղինակ՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեան, Միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քաղուած «Յիսուսի սէրը կը բուժէ վիրաւոր ամէն սիրտ» գիրքէն. Հեղինակ՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեան, Միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Լեռներու ջինջ ու արձակ բնութեան կարօտն ունէի ու գեղեցիկ առտու մը մեր ուղեւորութեան ընթացքին այս տեղուանքը մեկուսացած, հովուական վրաններու հիւրն էի եղած, նոր կեանքով մը նորոգուելու [ընդգծումը մերն է], նոր կազդոյրով մը պատուաստուելու համար:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Փողոցները ճոխութիւն մը կայ, Հանրապետութեան հրապարակը այս տարուան ամանորեայ հրաշքին շռայլ զգեստը սփռած է, որուն շողերը կը հասնին քովընտի փողոցները, կարծես բան մը ըսել կ՚ուզէ, աւետել կ՚ուզէ կարծես մանկական Եւրոտեսիլի հիւրերուն մասին, կարծես կ՚ուզէ պարծենալ եւ նուաճում մը ցոյց տալ, անուն մը թերեւս, որ կը տարածուի աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը, բայց կը լսէ՞ արդեօք մօտէն-հեռուէն հասնող ձայները, սպարապետին՝ Վազգէն Սարգսեանին խօսքերը, որ ի տես այս երեւոյթին զարմացած.
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
-Մեծ մամա, մենք ալ Կաղանդի ծառ պիտի զարդարե՞նք…
Առաջին տարին էր, որ դպրոց կը յաճախէր եօթ տարեկան Նարօտը։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Փոքր աղջնակ էի, հազիւ տասներեք տարեկան: Պարագաներու բերումով նոյն տարին ընտանեօք փոխադրուեցանք Պէյրութէն Հալէպ:

2023 թուականին կը նշուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրապետներէն Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։ Այս թուականը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Առողջապահութեան նման որպէս հասարակաց իրաւունք կը դիտարկուի կրթութիւնը։ Կրթութիւնը, ըստ սահմանման, կարելի է բացատրել որպէս ընկերային հաստատութիւն, ուր հմտութիւններն ու գիտելիքները կը զարգացուին կամ ձեռք կը բերուին՝ ընդլայնելով անձնական հորիզոնները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
96-ամեայ հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեան կը բնակի Լոս Անճելըս:
Կեանքի ուշագրաւ ուղի մը անցած է տաղանդաւոր արուեստագիտուհին՝ հեռաւոր ափեր հասնելով Մայր Հայրենիքէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայը՝ հայ է: Ըլլայ ան պոլսեցի, սեբաստացի, արցախցի, թէ հայաստանցի: Ես կը սիրեմ նշել իմ բնիկ արցախցի ըլլալը: Այդ փաստը իմ հոգին շատ կը փառաւորէ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս չեմ յիշեր՝ համալսարանի որերորդ դասարանի ուսանողուհի էի, երբ կը մասնակցէի կամաւորականներու վերապատրաստման դասընթացքներու: Օր մը կէսօրին գացինք մօտակայ ճաշարան՝ ճաշելու: