Ընկերա-մշակութային

ՀԱՆՐԱՇԱՐԺԻ ՄԷՋ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանն աչքի կ՚իյնայ իր գոյնզգոյն, անթիւ ու անհամար թաքսիներով, դեղին ու մանիշակագոյն հանրաշարժերով ու ողնայարը կոտրած, հալումաշ եղած, անյիշելի ժամանակներէ մնացած երթուղայիներով:

ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾԸ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Լուսապայծառ ու արեւոտ օր մը, թէյի սեղանի շուրջ պարտէզի մէջ նստած, հաճելի զրոյցի բռնուած էինք: Կը խօսէինք զանազան նիւթերու շուրջ, արուեստէն մինչեւ գիտութիւն ու քաղաքականութիւն:

ԼԷՅՏԻ ՍԸՐՍՈՔ. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՑԱՒԱԼԻ ԱՒԱՐՏԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հողին յանձնուեցաւ Լիբանանի նշանաւոր կիներէն մէկը՝ ազնուական ծագումով Լէյտի Սըրսոք, որ մահացաւ 98 տարեկանին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վիրաւորուելէ եւ 27 օր տառապելէ ետք:

ՀՌՈԴՈՍԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հին եգիպտացիները եւ հին յոյները իրենց աստուածներու եւ արքաներու ի պատիւ կը կառուցէին վիթխարի արձաններ՝ մարմնաւորելով անոնց հզօրութիւնն ու ուժը։ Նման կոթողները յունարէնի մէջ կ՚անուանեն «քոլոսուս»։

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ - ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք են այն երեք մարդիկը, որ հայրերու հայր՝ Աբրահամը հիւրընկալեց (Ծն 18)։ Սուրբ Երրորդութի՞ւնն են։ Աբրահամի անոնց երկրպագելը ատոր փա՞ստն է։ Եւ ինչո՞ւ երբեմն յոգնակիով կը դիմէր անոնց եւ երբեմն ալ եզակի։ Արդեօք այս բանը կը փաստէ երրորդութիւնն ու մէկութիւնը։

ՀԱՃԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ…

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ղալաթիոյ «Շանթ» տպարանէն 1911 թուականին լոյս տեսաւ Երուխանի մօտ տասը պատմուածքով գիրքը՝ «Կեանքին մէջ» խորագրով: Պատմուածքները, ինչպէս այդ ժամանակաշրջանի հայ գրողներուն գործերը, կեանքի արտացոլումն են:  

ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔ

ԱԼԵՔՍԷՅ ԻՒԱՆՈՎԻՉ ՓԱՆՏԵԼԷԵՒ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Խորհեցայ, որ մանչուկը ազատենք իր խոստումէն, իսկ ժամապահութենէն զայն կրնար արձակել միայն զինուորական մը, ուրեմն հարց չկար: Պարզապէս պէտք էր երթալ ու գտնել զինուորական մը:

ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔ

ԱԼԵՔՍԷՅ ԻՒԱՆՈՎԻՉ ՓԱՆՏԵԼԷԵՒ
Ռու­սե­րէ­նէ թարգ­մա­նեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ափսո՜ս, որ չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ ի՞նչ էր անունը այն փոքրիկ մարդուկի եւ թէ ո՞ւր կը բնակէր ան եւ թէ ովքե՞ր են անոր հայրն ու մայրը: Մթութեան մէջ ես նոյնիսկ չհասայ, ինչպէս հարկն է, ուսումնասիրել անոր դէմքը:

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Համաճարակին պարտադրած արտակարգ դրութիւնը վատ անդրադարձներ ունեցաւ արուեստի աշխարհին վրայ: Փակուեցան համերգասրահները, թատրոնները, չեղարկուեցան բոլոր հիւրախաղերը, փառատօները եւ նախօրօք մտածուած բոլոր ձեռնարկները:

Էջեր