Ընկերա-մշակութային

ՀՐԷԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան հրէա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Այս առ­թիւ կեան­քի կո­չուե­ցան բազ­մա­թիւ ծրագ­րեր, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խորհր­դան­շե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։

Արցախի Մէջ Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Թութի Փառատօն»

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 27-ին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան եւ «Ա­րե­նի փա­ռա­տօն» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ա­մա­րաս վան­քի յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Թու­թի փա­ռա­տօն:

Կը Յի­շեմ «պապենական տուն»ը

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը սի­րած եմ, բայց նաեւ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րած՝ փոր­ձե­լով կա­ռու­ցել այս­պէս ը­սած «ըն­տա­նե­կան ծա­ռը»­։ Եւ այս ոչ միայն ա­նուն­նե­րով, բայց նաեւ նկար­նե­րով­։ Եւ այս նկար­նե­րը ին­ծի հա­մար դար­ձած են հարս­տու­թիւն, ա­պա նաեւ ա­ւանդ եւ ժա­ռանգ­՝ ապ­րե­լու իմ (ու ըն­տա­նի­քիս) կեան­քը նոյն տես­լա­կա­նով…։

«GENEALOGY». ՄԵԾ ՀՆԳԵԱԿԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վիեննայի մէջ այսօր կը սկսի Եւրոպայի ամենանշանաւոր մրցոյթներէն մին՝ «Եւրոտեսիլ»ը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Վեց հայ երգիչ, վեց ճակատագիր, մէ՛կ պատմութիւն կամ հինգ ցամաքամասերու սփռուած ժողովուրդի մը նոր սերունդը:

ԼԵՆԱ ՇԱՄԱՄԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­է, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի Լե­նա Շա­մա­մեա­նի հա­մեր­գը։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ մեր հա­մայն­քէն ա­րուես­տա­սէր­ներ։

Գրիգոր Նարեկացի Հայկեան Հանճարին Գրական Սրբազնագոյն Ճաճանչումը

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Մա­յիս 7-ին, 1064 տա­րի ա­ռաջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Հայ­կեան Հան­ճա­րին գրա­կան սրբազ­նա­գոյն ճա­ճան­չու­մը հան­դի­սա­ցող Գ­­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին (951-1003), որ ի լուր հա­մայն աշ­խար­հի, 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ դա­սո­ւե­ցաւ Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պետ­նե­րու կար­գին։


 

«ՁԵՌՆՈՒՆԱՅՆ»… ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆ

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հանովէրի անհատական ցուցահանդէսէն վերջ յայտնի արուեստագիտուհին Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Թենի Վարդանեան. «Հիմա կը խուսափիմ միջավայրերէն, մարդոցմէ, աղմուկէ, շատ խօսքէ, կ՚ուզեմ ըլլալ առանձին»։

ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի սաստկացման զուգահեռ՝ մտահոգիչ թափով կը խորանայ նաեւ տեղւոյն հայութեան ողբերգութիւնը:
Հալէպի հայերը, որոնց հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները խզուած են, արդէն յայտնուած են մահուան գօտիի մը մէջ:

ՏԻԳՐԱՆԻՆ «ԻՏԷԱԼԸ»

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին…»։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ առանցքին, աշխարհական առաջնորդներու կողքին՝ ունեցած ենք նաեւ եկեղեցականներ, որոնք կարեւոր եւ մեծ ներդրում ունեցած են մեր ազգային, հայրենասիրական ու քաղաքական կեանքի ոլորտներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, ներառելով նաեւ 1915-ի արհաւիրքի օրերը, եկեղեցականներն ու հոգեւոր առաջնորդները նաեւ մնացած են պատնէշի վրայ եւ իրենց ժողովուրդին հետ «գացած են մինչեւ վերջ»։

Վահրամ Ալազան. Տաղանդաւոր Գրողը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մա­յիս 6-ին, 112 տա­րի ա­ռաջ, Վա­նի մէջ ապ­րող Մար­տի­րոս Գա­բու­զեան (կամ Գար­բու­զեան) ա­նուն հա­մեստ հա­յու մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ մանչ զա­ւակ մը, ո­րուն ա­նու­նը դրին Վահ­րամ։ Մա­նուկ Վահ­րամ հա­զիւ սկսած էր հա­սակ նե­տել եւ պա­տա­նե­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խել, երբ հասաւ 1915-ին ար­հա­ւիր­քը… Բազ­մա­հա­զար վա­նե­ցի­նե­րու հետ, ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ նաեւ Գա­բու­զեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, որ ռու­սա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ ան­ցաւ Ե­րե­ւան եւ հոն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց։

Էջեր