ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան մէջ, ամէնուրեք բնական երեւոյթ եղած է, որ նշանակալի դէպքեր, հայրենասիրական սխրագործութիւններ, կրօնական, նպատակային երազուած իրագործումներ արժանանան հաւաքականութիւններու գնահատանքին եւ յաջորդական սերունդներ զանոնք իբր աւանդ պահեն ու գնահատեն մասնաւոր յիշատակութեամբ, կամ՝ իբրեւ տօն


Ճազի միջազգային օրը անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ խանդավառութեամբ։ 2011 թուականէն ի վեր Ապրիլի 30-ը կը նշուի որպէս ճազի միջազգային օր։
Համաշխարհային պարի օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր ձեւով, խանդավառ ձեռնարկներով։ Երեւանի քաղաքապետարանն ու «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը միասնաբար կազմակերպեցին «Հիրուր խեդ» խորագրեալ ծրագիրը։ Այս շրջագծով, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւելի քան 15 համոյթներու 400 պարողներ հանդէս եկան ելոյթով մը։