ԱՆՏԵՍԵԼ ՓԱԿՈՒԱԾ ԴՌՆԵՐԸ ԵՒ ՏԵՍՆԵԼ ԲԱՑՈՒԱԾՆԵՐԸ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի», ըսած է Կրահամ Պել։ Բազում գիտնականներ կամ ձեռներէցներ, իրենց առջեւ փակուած դռներու շնորհիւ անդրադարձած են իրենց սխալներուն եւ զանոնք ուղղելով հասած են յաջողութեան։