«ՀԱՅՆԻ, ՈՍԿԻ ՍԻՆԻ»
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ժամանակին, երբ հայաբնակ գիւղերը, քաղաքները շէն էին եւ զուարթ, ամէն մէկը իր բարիքներու կամ բարգաւաճման համար բնորոշումներ կը ստանար: Հայկական բնակավայրերը այսօր ծաղկուն չեն այլեւս, նաեւ դժուար է արդէն գտնել ուրախ կեանքով ապրող հայ աւան մը: