ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԵՐ
Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ այս օրերուն գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Ափի մէջ» ցուցահանդէսը, որու շրջագծով կը ներկայացուին մանրակերտ նուագարաններ։