ԿԱՄՈՒՐՋ… -Զ-
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։
Մենք ըսած ենք, որ մարդը կապուած է ուրիշներուն, բնութեան։ Բան մը յստակ է այն կապի մէջ, զոր ան կը հաստատէ իր եւ իր շրջապատի հետ: