ԽՈՀԵՐ ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆԷՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս գարնան սկիզբը գործի բերումով եղայ Երեւանի Նուպարաշէն թաղամասը, ուր վերջին անգամ շուրջ քսան տարի առաջ այցելած էի: Երեւան քաղաքի 12 վարչական շրջաններէն է Նուպարաշէնը, որ սահմանակից է մէկ կողմէն Էրեբունի, միւս կողմէն՝ էնգաւիթ վարչական շրջաններուն եւ Երեւանի մէկ ծայրամասը կը գտնուի: