Թրքահայ կեանք

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի թատերախումբին յաջող ներկայացումը։ Հարկ է նշել, որ սահակեանցիները այս շրջանին կը ներկայացնեն անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի նշանաւոր «Պաղտասար աղբար»ը։

ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՆԱԽԱԳԻԾ ՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ Նշան Գարա այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կը հովանաւորէ Հայաստանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Նշան Գարա՝ որպէս վարչային եւ մտաւորական տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում մը կը բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին:

ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՆԵՐ

Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ «Բերայի ձայներէն դէպի քայլեր» խորագրեալ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ «Կրան Բերա»ի համալիրէն ներս, որ Սերքըլ տ՚Օրիանի պատմական շէնքն է։

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան վերջերս հիւրընկալեց բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը, որու ընտանիքը այցելեց Սուրբ Քաղաք։ Ինչպէս ծանօթ է, Սեւան Տէյիրմենճեան վերջին տարիներուն կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի Հայոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ։

ՆՈՐ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ յախճապակի եւ կերպաս ներկելու, մշակելու ուղղեալ աշխատանոցներ կը կազմակերպուին։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համաշխարհային երգչախմբային երաժշտութեան գիտաժողովը (WSCM), որ պիտի եզրափակուի վաղը։ Միջազգային երգչախմբային երաժշտութեան դաշնակցութեան (IFCM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ ձեռնարկն է այս մէկը, որ Իսթանպուլի մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն երգչախումբեր։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ. ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթի եզրափակիչը։ Այս տարի 24-րդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։

ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՆՊԱՍՏՆԵՐ

Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը օժանդակութեան բազմակողմանի ծրար մը պատրաստած է՝ ընկերամշակութային զօրակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ներկայացուցին մշակուած նախագիծը. ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումները յարգելու ճանապարհին շօշափելի քայլեր:
Համայնքի կարիքաւորները պիտի օգտուին նոր միջոցներէ: Կրթաթոշակներու տրամադրումն ալ կը նախատեսուի թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ դպրոցները քաջալերելու սկզբունքով:

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Էջեր