ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՊԱՀԸ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս փափաքներու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին որոնում:
Պատրիարքարանէն յանձնախումբ մը Վաքըֆլըգիւղ պիտի մեկնի՝ աղէտեալներու կարիքներու ստուգման համար:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս փափաքներու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին որոնում:
Պատրիարքարանէն յանձնախումբ մը Վաքըֆլըգիւղ պիտի մեկնի՝ աղէտեալներու կարիքներու ստուգման համար:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարօ Մարուքեան։ Այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է, երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտներէն Պիանքա Կիրէկէօզօղլուն, Էֆթելիա Պալճըն եւ Արի Սիվազլըն՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Լիանա Պենլիի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարի Եանճըի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն, որ փութացած էր Ս. Զատկի տօնական շնորհաւորութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Արեգ Գույումճեան։ Յայտնի ձեռներէց մըն էր Արեգ Գույումճեան, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած էր պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս գումարուած է «Հայճար»ի հերթական ժողովը։ Այս 9-րդ համագումարին մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բարձր՝ քանի ան կը յաջորդէր համավարակի շրջանին։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր հայեր» նորաստեղծ միութեան ծանօթացման ընդունելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր»ը համավարակի շրջանին ստեղծուեցաւ՝ որպէս ընկերային օժանդակութեան շարժում։
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։