ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Patrik Avedis'in Gizemli Yaşamı» գիրքին շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեանը, Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։
Երէկ երեկոյեան, Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն։
Երէկ առաւօտ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ նախաճաշ մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Ֆէրիգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 120 հոգի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Գնալը կղզիի լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ փրոֆ. տքթ. Էմրէ Պուչքինի գլխաւորած վարչութեան կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպաշունչ երգեր» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնակատարութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագը եւ խաղողօրհնէքը համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Տարեսկիզբի սարսափելի երկրաշարժով ցնցուած Վաքըֆլըգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան տարեկան անուան տօնախմբութիւնը փայլուն անցաւ:
Գնալը կղզիի մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ ձեւաւորուած մարզական աւանդութիւնը ունեցաւ իր հերթական շարունակութիւնը։ Այսպէս, կղզիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Թաքսիմ-Սահակեան ֆութպոլի հանդիպումները։