Թրքահայ կեանք

ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զեքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

ՍՈՒՐԲ ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՇՈՒՆՉ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի բարեզարդման աշխատութիւնները ներկայիս կը շարունակուին մեծ թափով։ Իսկ այս շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ, միաբանութեան անդամ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, սարկաւագներու մասնակցութեամբ եւ Մայր Աթոռի երգչախումբի երգեցողութեամբ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ՊԱՏԱՆԻ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի պատանի դաշնակահարներէն Պարէտ Չաղլըչուպուքճու վերջերս ողջունելի յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Այսպէս, ան մասնակցած է Չուքուրօվայի համալսարանի Պետական երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած Ատանայի Գ. միջազգային ռափսոտի դաշնակի մրցոյթին։

ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որ քորոնաժահրով վարակուած է, Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի հետ։ Շաբաթավերջին այս լուրը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ երկրէն ներս։

ՀԱԼԸՃԸՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին ներկայիս ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բարոյական առումով վերահաստատուած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, սակայն որպէս վարչական միաւոր՝ անոր վաքըֆը կը գործէ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԱՂԱՊԱԼՕՂԼՈՒՆ ԵՒ ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ ՉԵԹԻՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինը։ Այս երկու այցելութիւններն ալ քաղաքավարական բնոյթ ունէին։

Էջեր