ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Ս. Զատկի տօնի ընդառաջ կազմակերպուած հանդէսը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Համայնքային 12 վարժարան մասնակցեցաւ այս ծրագրին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբի անդամները, որոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց նախաձեռնած՝ մանուկներու ուղղեալ տարեկան հաւաքի կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ։
Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր երէկ մէկտեղուեցաւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու վարիչներուն հետ։ Շիշլիի Ուսուցչաց տան համալիրէն ներս ան պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ ի պատիւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու պատասխանատուներուն։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի խանդավառ հանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցեցան TAZOF-ի կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն։ Անոնցմէ ոմանք մաս կազմեցին դափնեկիրներու շարքին, ինչ որ մեծ ուրախութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրել բոլոր ճիւղերու մէջ։ Ակումբի ճատրակի զանազան խումբերը վերջերս չորս բաժակ նուաճելով յաջողութեան նոր չափանիշ մը սահմանեցին։
Բարեյիշատակ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 10-րդ նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները համախմբեց ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները, որոնք հայ եւ հրեայ համայնքներու մտաւորական պաշարը արժեւորելու ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալեն, կը խորացնեն նաեւ համատեղ ծրագրեր կեանքի կոչելու աւանդութիւնը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէց սերունդի կրթական մշակ Աննա Գավաֆեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով պոլսահայ կրթական համակարգը։