ՇԻՇԼԻԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐԸ
Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։