ԱՍՈՒԼԻՍ. «ԹՈՒԱՆՇԱՅՆԱՑՈՒՄ» ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընտանիքի հրաւէրով այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի Երեւանէն՝ «www.digilib.am»ի թեքնիք տնօրէն Յովհաննէս Կիզողեան, որու հետ երէկ երեկոյեան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեւոյ համալիրէն ներս։ Թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով կազմակերպուած էր այս մտերմիկ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է այս վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Հորոզօղլուները խմբագրատունս այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, «Աթաթիւրք» օդակայանի պետական հիւրանոցի երդիքին տակ։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու Նազար Պինաթլըն:
Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մերի Այտա Մաճարօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային՝ մանաւանդ Գատըգիւղի ընտանիքի շրջանակներէն ներս։
Երէկ երեկոյեան, «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) մէջ տեղի ունեցաւ «Թամարի ճակատագիրը» խորագրեալ գեղարուեստական ներկայացումը։
«Արաս» հրատարակչութեան համահիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Համայնքային կեանքէն ներս կայծակնային արագութեամբ տարածուած մտահոգիչ իրադարձութեան մը բաւական յապաղումով արձագանգած է թաղային խորհուրդը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց գործունէութեան շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։