ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի նոր եղանակի աշխատանքները սկսան ընթրիքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։
Նախկին իսթանպուլահայ փրոֆ. տքթ. Տարօն Աճէմօղլու տնտեսագիտութեան գետնի վրայ արժանացաւ Նոպելեան մրցանակի:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերներէն Էֆրիմ Տեմիրճին եւ Կիւլպենկ Չաքարը։ Անոնց միացած էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Թոփլաճը Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ»ի ելոյթը նախատեսուած է «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ:
«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած Ռոպէր Քոփթաշի «Unufak» վէպը այս շրջանին գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Ընթերցասէրներու վառ ուշադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռոպէր Քոփթաշի գիրքին շնորհանդէսը։
Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագրի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հերթական համերգը։ Հարկ է նշել, որ այս համերգաշարը կ՚արժանանայ երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արիս Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Թաղականները ըստ ընկալեալ սովորութեան Գումգաբու այցելեցին եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ՝ Մարի Նալճըն եւ Մարիամ Տրամէրեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի յանձնեցին հիմնարկին կողմէ վերջերս տպագրուած հայերէնի եւ թուաբանութեան նոր դասագիրքերը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, սփիւռքեան շրջանակներու այնքան համակրելի եւ սիրելի դէմքերէն՝