ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեր այս գողտրիկ սրբավայրի արարողութիւններուն՝ մինչ իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ կազմակերպուած էր «Արաս» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Թաքսիմի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ գիրքի շնորհանդէսի մը, որու հիւրընկալներն էին Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն եւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ՝ ողբացեալ Նուպար Համամճեանի յիշատակին ձօնուած ֆութպոլի մրցաշարքը, որ վերածուած է գեղեցիկ աւանդութեան մը։
Համայնքային վարժարաններու վարիչներ ընդունուեցան Իսթանպուլի կրթական տնօրէնին կողմէ:
Գալֆաեան տան սաները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարելով՝ անոնք իրաւունք շահեցան աւարտական փուլի բարձրանալու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ փոխ-ատենապետ Նուպար Մանավեանը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կը պատրաստուի՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։
Յայտնի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան, որ վերջին օրերուն քաղաքս այցելեց, այսօր արդէն հրաժեշտ առաւ Իսթանպուլէն։ Իլտա Սիմոնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր Հոլանտայի մէջ կ՚ապրի շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ հանդէս եկած էր՝ Կոմիտասին ձօնուած համերգով մը։
Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի՝ վարժարանի ի նպաստ այս տարուան հանգանակութեան։ Դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով նախատեսուած մատաղօրհնութեան ընդառաջ արդէն պատրաստութիւնները սկսած են։