ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին նշուեցաւ նաեւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասուն տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեանն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մենքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Երէկ երեկոյեան Գնալըի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ երգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Կղզիի բարձունքին խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը՝ նկատի ունենալով արուեստագէտին վայելած համակրանքը։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ անցեալի իր վաստակեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացումներ չընելու համար։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ակումբի անմոռանալիներէն հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի ի յիշատակ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որու հերթականը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը ձեռնունայն վերադարձաւ Մենչըսթըրէն, ուր Եւրոպայի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն մասնակցեցաւ՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։
Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ համախմբեց բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ փոքրամասնութեանց շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ «Բարեկամութեան ընթրիք» կոչուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն։
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը մեկնած է Մենչըսթըր, Անգլիա։ Ֆութսալի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն կը մասնակցին շիշլիցիները։ ՈՒԷՖԱ-ի այս կարեւոր մրցաշարքին Շիշլի արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցի՝ անընդմէջ երկու տարի Թուրքիոյ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած ըլլալով։