ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի այս տարուան հունձքը փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Վարժարանի 199-րդ շրջանի ընթացաւարտները կը հանդիսանան անոնք՝ հաստատութեան երկարամեայ կրթական առաքելութեան ճանապարհին։
Երէկ, Կեդրոնականի ընտանիքը կատարեց իր տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ըստ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Կեդրոնականի ընտանիքը իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին՝ մեծ խումբի մը ձեւաչափով կ՚իրականացնէ դէպի Քիլիոս շրջապտոյտ մը։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ շուրջ 400 մասնակիցներով։ Վարժարանի լիսէի բաժնի հունձքը հրաժեշտ տուաւ դպրոցին, մինչ միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց վկայականները։
Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած «Առաջնորդ»ը յաջողեցաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։
Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի համալսարանէն խումբ մը երիտասարդներ։
ՍԷՎ հիմնարկի մէջ երէկ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Հերման Պալեան, ատենադպրի պաշտօնը վստահուեցաւ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուին։
Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ Պոլսահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն, բազմամեայ ուսուցիչ՝ Էսաեան լիսէի, բազմամեայ ատենադպիր՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, նուիրեալ մշակ՝ Ս. Մեսրոպեան աւանդին, մեկենաս՝ հրատարակութեանց, հեղինակ՝ հատորներու, բարերար՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, Կեդրոնական եւ Մէրամէթճեան վարժարաններու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի. Հայաստանի Հանրապետութենէն, նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի անուան շքանշանով պարգեւատրեալ՝