ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Զանազան ձեռնարկներով եւ հանդէսներով դպրոցի բոլոր դասարաններու սաները հաղորդ դարձան տօնական շրջանի ուրախութեան։
Թրքագէտ Սերկէյ Մանվելեանի կողմէ առաջնորդուած հիւրերը կը ծանօթանան թրքահայ կեանքին:
Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր արարողութիւններէն Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութիւնը։ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդիսապետեց արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ուրարակիր Թադէոս Գարափեքմեզի։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի առթիւ հանդէս մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհիները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ Փարիզի մէջ «Կոմիտաս»ի ներկայացում եւ Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի երգեցողութիւն:
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին օրերուն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեցին Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութեան մէջ եւ իրաւունք շահեցան մասնակցելու Թուրքիոյ ախոյենութեան։ Այսպէս, ակումբի մարզիկներէն Աքսէլ Պէշիրեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի առաջինը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Փարիզ։ Երէկ, ուղեւորութեան ընդառաջ, երգչախումբի անդամները իրենց վերջին փորձը կատարեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները երէկ հանդէսով մը նշեցին Համաշխարհային ջուրի օրը։ Մարտի 22-ին՝ Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշական մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը՝ ընկերակցութեամբ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանի։