ՖԻՏԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԱՅԺՄՈՒ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ եւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին վիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատապ օրակարգի այլ հարցեր՝ ներառեալ Սուրիոյ, Կազզէի եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւնները։
Անցեալ տարիներու յառաջացուցած հեռաւորութիւնն ու պարապութիւնը հետզհետէ կը վերածուին արժեւորման գործօնի:
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին մթնոլորտին մէջ զանազան դրական դրսեւորումներ տեղի կ՚ունենան զանազան ուղղութիւններով։ Հայաստան երէկ Թուրքիա արտայանձնեց երկու անձ, որոնք կազմակերպուած յանցագործութեան մը ներգրաւուած են։
Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի արձագանգները կը շարունակուին։
Վլատիմիր Փութին Մեսուտ Փեզեշքիանը հիւրընկալելու զուգահեռ՝ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Վրաստան եռակողմանի համագործակցութեան առաջարկ մը կը ներկայացնէ իր հարեւաններուն՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին:
Պաքուի մէջ այս օրերուն սկսած են Արցախի գերեվարեալ ղեկավարներու դատավարութիւնները։ Հայկական եւ միջազգային լրահոսին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր չեն պակսիր հրապարակումները, թէ այդ դատավարութիւնները ամբողջովին ապօրինի են։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը էական նշանակութիւն ունի՝ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ կողմնորոշուելու առումով։
Թուրքիոյ հրեայ համայնքը յուղարկաւորեց իր նորոգ հանգուցեալ բազմամեայ հոգեւոր առաջնորդը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Զուիցերիա պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Յունուարի 20-24-ին նախատեսուած է Տաւոսի այս տարուան հաւաքը, որու շրջանակներէն ներս Փաշինեան կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։