ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։