ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ՕՍԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Փենթակոնէ ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ։
Թուրքիոյ յառաջատար դիւանագէտներէն Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
Անգարա կը վերահաստատէ իր սպասումը՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար:
Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 31-րդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Մալթայի մէջ:
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Պրիւքսէլի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ ինքզինքը դուրս կը համարէ ՀԱՊԿ-էն»:
Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։
Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։