ԲԱՐԴ ՊԱՀՈՒ ՋԱՆՔԵՐ
Էրտողան. «Երբ Իսրայէլի նախայարձակ գործողութիւնները տարածաշրջանէն ներս մեծ պատերազմի մը վտանգը կը ստեղծեն, Թուրքիա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անվտանգութեան ու կայունութեան, նաեւ վճռական է՝ ահաբեկչութեան սպառնալիքի մշտապէս վերացման համար համագործակցութեան ուղղութեամբ»:
Անգարա հիւրընկալեց Նեչիրվան Պարզանին: Երէկ գիշեր Սուրիայէն հրթիռ մը ինկաւ սահմանակից Քիլիսի մօտակայքին:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները՝ գլխաւորութեամբ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսի։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Վահագն Ալեքսանեան յայտարարեց, որ չի բացառուիր, թէ Ատրպէյճան գետին կը պատրաստէ երկրին վրայ յարձակելու համար։
Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ առնուեցաւ որոշում մը, ըստ որու՝ Փարիզի մերձակայ Շատնէ-Մալապրի արուարձանային քաղաքի կեդրոնական լիսէն վերանուանուեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու յիշատակին։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ իր երկրի յարաբերութիւնները աշխարհի վրայ կարեւորագոյններու շարքին են եւ անոնցմէ կախուած է թէ՛ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը եւ թէ ամբողջ մարդկութեան ապագան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս ուրբաթ պիտի գայ Իսթանպուլ։ Երէկ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արարատ Միրզոյեան Իսթանպուլ պիտի գայ՝ մասնակցելու համար «3+3» ձեւաչափի նախարարներու երրորդ հանդիպման։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի 16 կէտերուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացած է։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դէպի Աստանա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի կողմէ։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ֆրանսահայ համայնքը զրկուած է իր տիրական դէմքերէն՝ Կարպիս Ափրիկեանէն, որ 98 տարեկան հասակին կնքած է մահկանացուն։ Վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի մահը խոր ցաւ յառաջացուցած է ֆրանսահայ շրջանակներէն ներս։