ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԷՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մօտ կ՚ամրապնդուի ամենաթողութեան զգացումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մօտեցման պատճառով։ News.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ համանախագահները երկար ժամանակէ ի վեր կը հանդուրժեն Իլհամ Ալիեւի սադրիչ հռետորաբանութեան եւ գործելաոճին։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի վերատեսուչ Ժան-Մարք Լաւեստ վերջերս հանդիպում մը ունեցան վերոյիշեալ համալսարանի աւելի քան երկու հարիւր շրջանաւարտներուն հետ։
23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։
Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, կատարուեցաւ միութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
«Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն՝ Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»: