ԱՆԳԱՐԱ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ «ԴԺՈԽՔԻ ԿՐԱԿ»ՆԵՐ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ Թուրքիա այս օրերուն կ՚որոնէ հետզհետէ աւելի ազդու միջոցներ։ Վերջին շրջաններուն Սուրիոյ սահմանակից Քիլիսի մէջ ստեղծուած է արտասովոր կացութիւն։ Արդարեւ, ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները կը ռմբակոծեն այս քաղաքը, ուր ցարդ շուրջ երկու տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են։