«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽՈՅԺ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱԿԱՄԱՐՏ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ միջնորդները կը շարունակեն աշխոյժ աշխատանք տանիլ կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շրջագծով հրադադարի յարգումը խրախուսելու համար։
Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:

Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Կարմիրեան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան կնքած է իր մահկանացուն, սակայն իր կորուստը ցաւալի է՝ մանաւանդ, որ սփիւռքեան մեր իրականութենէն կը պակսին իրեն նման մտաւորական դէմքերը։ Որպէս ճարտարագէտ, գրող ու ֆիլաթելիստ ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր