ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Աֆղանիստանէ ներս ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուող «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան Հիւսիսային հրամանատարութեան կազմին մէջ ներգրաւուած երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքին։
Արցախի պատմական Գանձասարի վանքի համալիրէն ներս նորահաստատ մատենադարան:
Սոֆիայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2015» միջազգային մրցոյթը, որու ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Միքայէլ Վարոսեան, որ իր ներկայացուցած «Love» անուն երգով նուաճեց երկրորդ տեղը։
Երեւանի «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան շաբաթավերջին նշեց իր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց Յակոբ Աւետիքեանին։
Հայազգի արհեստավարժ կռփամարտ, գերմիջին ծանրութեան դասաւորման մէջ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ շաբաթավերջին յաջողեցաւ պահպանել իր տիտղոսը։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ ընտրեց իր նոր նախագահը։ Այսպէս, խորհրդարանէ ներս տեղի ունեցած քուէարկութեան երրորդ փուլի արդիւնքին ԱՔ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած Իսմայիլ Քահրաման ընտրուեցաւ նախագահ՝ ապահովելով 316 քուէ։
«Մեխակաւան» զօրավարժարանէն ներս գնդային մարտավարական զօրավարժութիւն: Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան հետեւեցան բանակի մարտական հրաձգութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ