ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Այս խորհուրդի 22-րդ ժողովին շրջագծով Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ ան նախ այցելեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, իսկ այսօր ալ կ՚անցնի Ատրպէյճան՝ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան առթիւ։
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ «Անձամբ կարգադրեցէք» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պատմական ճշմարտութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու եւ հասարակաց յիշողութիւն մը կերտելու նպատակները հետապնդած նախագծի մը հիման վրայ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պապիլ» միութեան կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 22-րդ ժողովը Պելկրատի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ Պին Համատ Էլ Սանիի կողմէ։ Երկու երկիրներուն միջեւ կազմակերպուած ռազմավարական բարձր կոմիտէի ժողովը գլխաւորեցին երկու ղեկավարները, որոնց ներկայութեամբ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ ստորագրուեցան 16 նոր համաձայնագրեր։